Երկուշաբթի, 4 Յունուար 20201-ին ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութիւնը 2020-ի աւարտին որոշեց զարգացնել իր բոլոր համալսարանները՝ պետական, անձնական կամ հեռակայ դրութեամբ կիրարկուող, եւ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունիլ։
Սոյն որոշումին զուգահեռ, նախարարութիւնը ծրագրեց գիտական հետազօտութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները եւ մագիստրոսի ու դոկտորականի կարգերը զարգացնել, որպէսզի համաշխարհային կարգերուն մէջ սուրիական համալսարաններուն գրաւած դիրքը բարձրանայ։ Նախարարութիւնը ծրագրեց նաեւ բարեկամ երկիրներու հետ գիտական գործակցութիւնը ամրապնդել, գիտական այցելութիւններ փոխանակել անոնց հետ եւ յատկապէս համալսարանական հիւանդանոցները արդիական գործիքներով օժտել, իսկ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը յաղթահարելու համար բժշկական նոր կազմեր ապահովել։