«Հորիզոն».-Արցախի օժանդակութեան իր ծրագիրը շարունակելով, 27 Դեկտեմբերին Ամերիկայի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան Արցախ Ֆոնտի երկրորդ պատուիրակութիւն մը Երեւանէն ուղղուեցաւ դէպի Ստեփանակերտ:
Դէպի Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ, պատուիրակութիւնը Գորիսի մէջ հանդիպեցաւ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանին: Համայնքի ղեկավարը Արցախ Ֆոնտի անդամներուն պատմեց բնակիչներու վճռակամութեան եւ ունեցած կարիքներուն մասին:
Նոյն օրը, Արցախ Ֆոնտի ներկայացուցիչները հասան Աղաւնոյ, իրենց հետ բերելով կենցաղային իրերու եւ սնունդի բաւարար քանակ, Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի եւ Նիւ Եորք շրջանի մէջ հաւաքուած հագուստներ, որոնք պիտի բաժնուէին Աղաւնոյ համայնքի ընտանիքներուն:
Մեծ հիւրընկալութեամբ Աղաւնոյ համայնքապետը հիւրընկալեց Արցախ Ֆոնտի ներկայացուցիչնիրուն, որոնք գիշերեցին այնտեղ: Գիշերը, անոնք ծանօթացան տեղւոյն դպրոցի եւ գիւղապետարանի շէնքային կացութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին վերանորոգման գործին նպաստելու: