Չորեքշաբթի, 3 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ երեկոյեան ժամը 10:42-ին, Իսրայէլ Կոլանէն հրթիռներ արձակեց սուրիական հարաւային շրջաններուն ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։ Աղբիւրը յայտնեց, որ վնասները նիւթական են եւ մարդկային զոհեր չկան։