«Մենք գործ ունինք անամօթ, դաւաճան մարդու մը հետ, որ ամէն անգամ կը փորձէ ամբոխահաճութեան միջոցով բան մը ըսել, յետոյ արդարացնել, յետոյ փորձել ժողովուրդը մոլորեցնել», Շուշիի մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Շաբաթ, 30 Յունուարի ուղիղ եթերը այսպէս մեկնաբանեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Ակնյայտ է, որ այդ մարդուն գործունէութեան պատճառով մենք կորսնցուցինք Արցախի 75 առ հարիւրը, մասնաւորապէս, նաեւ Շուշի քաղաքը: Հիմա իր արդարացումները մեկնաբանելը անիմաստ գործ է», «Այսօր»-ի զրոյցի ընթացքին ըսաւ Սաղաթէլեան:
Իշխան Սաղաթէլեան ատրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձը Շուշի անկարելի նկատեց:
«Ատիկա պարզապէս անկարելի էր, պարզապես Նիկոլ Փաշինեանի նպատակն էր պատերազմի պատրուակով յանձնել Շուշին, ու ինքը ատիկա կատարած է, մնացած իր ըսածները իր ըրած դաւաճանութիւնը արդարացնելու համար են: Ակնյայտ է, որ ինք հետեւողականօրէն տարած է մեզ պարտութեան: Ամէն ինչ այնքան անտրամաբանական ու ծիծաղելի է. այսինքն՝ ինք գերադասեց չհամաձայնիլ գաղթականներու վերադարձին, բայց գերադասեց կռուի պատրուակո՞վ յանձնել Շուշին, ո՞րն է ասոր տրամաբանութիւնը», աւելցուց ան:
Դաշնակցական գործիչին համար տարօրինակ է, որ Նիկոլ Փաշինեան, ի վերջոյ, այդպէս ալ չտուաւ մեկնաբանութիւն, թէ հիմա Շուշին ատրպէյճանակա՞ն, թէ հայկական քաղաք է:
«Ինք պէտք է ատիկա ըսէր, պէտք է հասկնանք նաեւ, որ կ՚ըսէր՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», իսկ հիմա կ՚ըսէ՞, թէ չէ», աւելցուց Իշխան Սաղաթէլեան: