Չորեքշաբթի, 3 Փետրուար 2021-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը որոշում գոյացուց արտերկիր ապրող սուրիացի ուսանողները զերծ կացուցանել ուսումնական իրենց փաստաթուղթերը Սուրիոյ մէջ վաւերացնելու տուրքերէն։ Նախարարութիւնը սոյն որոշումը գոյացուց արտերկիր ապրող սուրիացի ուսանողներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները մեղմացնելու եւ անոնց ուսման ընթացքը հեզասահ դարձնելու համար։