4 Փետրուարին ՀՅԴ երիտասարդները ցոյց  իրականացուցած են կառավարութեան շէնքին դիմաց: Անոնց  ձեռքը կար հետեւեալ գրառումներով պաստառներ. «Նիկոլ դաւաճան», «Դաւաճանը պէտք է հեռանայ», «Նիկոլ հեռացիր»:

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ըսաւ, որ ՀՀ-ի մէջ  ամէն օր տեղի կ’ունենան Նիկոլ Փաշինեանի դաւաճան կառավարութեան դէմ ցոյցեր , ու մենք` որպէս մարդիկ, որոնք նոյն պահանջը ունին, կը մասնակցինք այդ բոլոր ցոյցերուն:

«Շատ պարզ է ամէն ինչ` Նիկոլ Փաշինեանին հետ մենք որեւէ առիթ չունինք, ամէն ինչ աւելի վատ պիտի ըլլայ, Հայաստանը դատապարտուած է կործանումի: Առանց Նիկոլ Փաշինեանի է, որ Հայաստանը առիթ ունի ոտքի կանգնելու, վերականգնելու եւ զարգանալու», ըսաւ ան:

Վարդանեանի խօսքին համաձայն, հասարակութեան պէտք է յաճախակի յիշեցնել այժմ առկայ վտանգները, որ չյոգնի պայքարելէ:

ՀՅԴ անդամ Գոռ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ այլընտրանք չկայ` այս իշխանութիւնները կա՛մ պիտի հեռանան մեր երկրէն, կա՛մ պիտի չիշխեն:

«Սպասեցէք մեզ ամէն օր, դուք հանգիստ պիտի  չունենաք, մեր ցոյցերը պիտի շարունակուին եւ դուք պիտի հեռանաք իշխանութենէն: Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, որ Նիկոլ Փաշինեանին պէս եւ իր խումբին պէս դաւաճանները մեր երկրին մէջ  տեղ պիտի  չունենան», ըսաւ Գոռ Սարգսեան: