«Երկիր».-Mediaport թելեկրամեան ալիքը կը գրէ․ «Ատրպէյճանցիները կը փորձեն GPS-ի միջոցով տարածքներ զաւթել Սիւնիքի մարզի Ներքին Խնձորեսկ համայնքին մէջ»:

Mediaport-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողները Google-ի քարտէզով կը փորձեն տարածքներ զաւթել Ներքին Խնձորեսկէն, գիւղապետն ու Սիւնիքի համայնքապետները կը փորձեն հարցը լուծել անհատական ուժերով: Կառավարութեան ոչ մէկ ներկայացուցիչ սահմանազատումի մէջ ներգրաւուած չէ : Այս պահուն իրավիճակը հանգիստ է:

Mediaport-ի տեղեկութիւններով` շրջանառուող տեղեկութիւնը, թէ թշնամին Ներքին Խնձորեսկի մէջ տուներ զաւթած է, չի համապատասխաներ իրականութեան: