«Երկիր».-Արցախեան վերջին պատերազմը, ի թիւս այլ հարցերու, նաեւ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ տարածաշրջանի յարաբերական հարցերուն վրայ: Մինչ տարբեր փորձագէտներ կը փորձեն արժեւորել տարածաշրջանի երթեւեկային կապերու ապաշրջափակումին բերած կարելի տնտեսական, քաղաքական հետեւանքները, Հայաստանին համար անվտանգային ուղղութեամբ  յատկապէս կարեւոր է Ատրպէյճանէն Նախիջեւան երթեւեկային կապերու վերականգնումի հեռանկարը: Սոյն վերլուծութեամբ փորձած ենք հասկնալ, թէ ինչ կ’ըլլան 10 Նոյեմբերի յայտարարութեան հետեւանքները Հարաւային Կովկասի երթեւեկային հաղորդակցութիւններուն համար, ինչ վտանգներ կրնայ յառաջացնել Ատրպէյճան-Հայաստան-Նախիջեւան երթեւեկային միջանցքներու ձեւաւորումը, դիտարկած ենք նոր միջանցքներու ձեւաւորումը` տարածաշրջանային  եւ համաշխարհային դերակատարներուն ունեցած շահերու բախումին հիման վրայ: Վերլուծութեան հետեւանքով յանգած  ենք այն եզրահանգումին, որ անվտանգային ուղղութեամբ 10 Նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտը Հայաստանին համար աւելի շատ նոր սպառնալիքներ կը բերէ, քան կարելիութիւններ ստեղծելը: Յայտարարութեան բնագիրին մէջ միայն հայկական կողմը յստակօրէն պարտաւորուած է անվտանգային երաշխիքներ տրամադրել Ատրպէյճան-Նախիջեւան երթեւեկային կապերուն, մինչդեռ միւս յարաբերական  անվտանգային երաշխիքները կը բացակային, հետեւաբար հետագային կրնայ նոր հակամարտութեան հիմքեր ստեղծել` անմիջական սպառնալիքի տակ դնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: