«Արմէնփրէս».- Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագիրներու պատասխանատու Զառա Ամատունին յայտնեց, որ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները 1 եւ 2 Փետրուարին այցելած  են Ատրպէյճանի մէջ պահուող 4 հայ գերիները՝ զինուորական եւ քաղաքացիական անձերը:

«Այդ անձերուն կարելիութիւն  ընձեռուած է կապ հաստատել ընտանիքի անդամներուն հետ», ըսաւ Ամատունին:

Ամատունին աւելցուց, որ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելութեան ընթացքին ստուգած են նաեւ անոնց պահման պայմանները, տեղեկացած են առողջական վիճակին մասին:

Հայաստանը Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան ներկայացուցած են 228 գերեվարուած անձերու պարագան: