«Էրմէնի Հապէր».- Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի երկրէն ներս ահաբեկչական խմբաւորում համարուող «Կիւլենական Համայնքի» («ֆեթհուլլահական կազմակերպութիւն») ենթադրեալ անդամներու կամ աջակիցներու «որսը»:
Իսթանպուլի հանրապետական գլխաւոր դատախազութեան կողմէ անոնց դէմ իրականացուող հետաքննութեան արդիւնքով Թուրքիոյ զինուժի մաս կազմող 292 զինուորականի, այդ կարգին աշխատանքէ զերծ կացուցուած նախկին ծառայակիցներու նկատմամբ ձերբակալման որոշում գոյացած է:
Ըստ դատախազութեան՝ այդ զինուորականները ընդհանուր օգտագործման հեռաձայններով (թաքսաֆոն) կապ հաստատած են կիւլենական «խորհրդաւոր իմամներու» (իսլամ հոգեւորական) հետ:
Կը յիշուի, որ կասկածեալներու յայտնաբերման ու ձերբակալման նպատակով ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ պայքարի ստորաբաժանումները համաժամանակեայ գործողութիւններ սկըսած են Թուրքիոյ 42 նահանգներու մէջ: Այդ գործողութիւններուն հետեւանքով ձերբակալուած են  բազմաթիւ զինուորականներ, որոնց մէջ են ներկայիս ծառայութեան մէջ  գտնուող 1 գնդապետ եւ 9 սպայ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ամերիկաբնակ Ֆեթհուլլահ Կիւլենը կը մեղադրեն 15 Յուլիս 2016-ին երկրին մէջ տեղի ունեցած զինեալ յեղաշրջման կազմակերպման յանցանքով:
Ըստ թրքական իշխանութիւններուն, Կիւլեն այդ գործողութիւնը ծրագրած եւ իրականացուցած է երկրի ուժային կառոյցներուն ու յատկապէս զինեալ ուժերուն մէջ ներդրուած մարդոց ու համակիրներու միջոցով: Աւելցընենք, որ յեղաշրջման փորձէն յետոյ երկրի զինեալ ուժերու հազարաւոր սպաներ ու զինուորներ ձերբակալուեցան, տասնեակ հազարաւորներ ալ հեռացուեցան աշխատանքէ: