«Արմէնփրէս».-ՀՀ ԱԳ նախարար Արա Այվազեան 8 Փետրուարին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է ԱՄՆ պետքարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըրին հետ:

 

Զրուցակիցները միտքեր  փոխանակած են երկկողմ օրակարգի առնչուող հարցերու շուրջ` յատկապէս ընդգծելով ՀՀ-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան հարթակին դերը գործակցութեան օրակարգը առաջ մղելու եւ խորացնելու  իմաստով:

«Զրոյցի ընթացքին  նախարար Արա Այվազեան եւ Ֆիլիփ Ռիքըր վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը` շարունակելու գործնական ջանքերը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման համար՝ տարբեր մակարդակներով շփումներու եւ խորհրդակցութիւններու իրականացումով, բազմաոլորտ գործակցութեան ընդլայնումով:

Զրոյցի ընթացքին անոնք անդրադարձ կատարած են տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան հարցերուն: Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումի հետեւանքներու հասցէագրման առնչութեամբ նախարար Այվազեան զրուցակիցին ուշադրութիւնը հրաւիրած է մարդասիրական հարցերուն, յատկապէս՝ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու հայրենադարձութեան հարցով Ատրպէյճանի կողմէն խոչընդոտներու ստեղծման անթոյլատրելիութեան վրայ:

Երկուստէք ընդգծած են ԼՂ խաղաղ կարգաւորման առանցքային հարցերու հասցէագրումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան, որ յստակօրէն ամրագրուած է համանախագահ երկիրներու բարձր ներկայացուցիչներուն` 3 Դեկտեմբերին կատարած յայտարարութեամբ: Նախարար Այվազեան յատկապէս կարեւոր համարած է այլատեացութեան դէմ պայքարի  ջանքերուն բազմապատկումը մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներու կրկնումը բացառելով, տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: