«Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական «Report» լրատուական գործակալութիւնը հերթական կեղծիք  տարածած է, այս անգամ` Իտալիոյ անունով, յայտնելով, թէ Իտալիան Ատրպէյճանը հրաւիրած է Հռոմի  G20 գագաթնաժողովին մասնակցելու: Հայաստանի Իտալիոյ դեսպանութեան գործերու  ժամանակաւոր հաւատարմատար Ժիովաննի Նիկոլա Տիոնիսի յայտնեց, որ լուրը անհիմն է:

«Լուրերը թէ Իտալիան Ատրպէյճանը հրաւիրած է ներկայ գտնուելու G20 գագաթնաժողովին, անհիմն են,  այդպիսի տեղեկութիւնները չեն տարածուած կամ հաստատուած», յայտնեցին դեսպանութենէն:

G20-ի այս տարուան գագաթնաժողովը 30-31 Հոկտեմբերին տեղի կ’ունենայ:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին նկատմամբ  Իտալիոյ դիրքորոշումին, դեսպանութենէն յայտնեցին, որ     Իտալիոյ Արտաքին Գործոց եւ Միջազգային Համագործակցութեան Նախարարութեան 11 Նոյեմբեր 2020-ի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ յստակ օրէն ներկայացուած է ան: