«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ վիճակագրական կազմակերպութիւնը (TÜİK) հրապարակած է 2020 թուականին Թուրքիոյ բնակչութեան թուաքանակին մասին տուեալներ, որոնք մշակուած են ըստ բնակութեան հասցէներու:

Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած օտարերկրացիներուն թիւը ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, 2020-ին նուազած է 197 հազար 770 մարդով (13 տոկոսով), կազմելով 1. 333. 410:

Նախորդ տարիներու տուեալներուն նման, 2020-ին Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած օտարերկրացիներու  թիւին մէջ Իրաքի քաղաքացիները առաջատար են: Անոնց թիւը 281. 074 է: Իրաքցիներուն կը  յաջորդեն Աֆղանիստանի քաղաքացիները` 158. 252 բնակչութեամբ: Ցանկին մէջ երրորդն են Գերմանիոյ քաղաքացիները (92. 284):

Թուրքիոյ մէջ զգալի թիւ կը  կազմեն նաեւ Թուրքմէնիստանի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները:

Նշուած է, որ 2020-ին ամէնէն շատ բնակութիւն  հաստատած են Աֆղանիստանի քաղաքացիները: Աճած է նաեւ Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ, Պուլկարիոյ, Անգլիոյ, Յունաստանի, Դանիոյ, Ռուսիոյ, Քանատայի, Շուէտի, Քուէյթի եւ Սոմալիի քաղաքացիներուն թիւը: Իսկ ԱՄՆ-ի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի, Շուէտի, Նորվեկիոյ, Իտալիոյ, Ռումանիայի, Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քաղաքացիներուն թիւը նուազած է:

Յատկանշական է, որ Քաթարի քաղաքացիներուն թիւի աճի ցուցանիշը, հակառակ թուրք-քաթարական յարաբերութիւններու անընդմէջ զարգացման սակաւ է, ընդամէնը 711: Նախորդ տարի յիշեալ քաղաքացիներուն թիւը 676 էր:

2020-ին, Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած ՀՀ քաղաքացիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է` 1760-էն դառնալով 1257:

Կտրուկ ձեւով նուազած է Քուպայի քաղաքացիներուն թիւը` 528-էն  դառնալով 261: