Կիրակի, 7 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը կը շարունակեն յարձակիլ գործել Հասիչէի արուարձանի ապահով գիւղերուն եւ աւաններուն վրայ։ Հասիչէի արուարձանին մէջ կայք հաստատած թրքական ուժերը եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները բազմաթիւ հրթիռներ կ՚արձակեն Հասիչէի հիւսիսարեւմտեան Թալ Թամր աւանի Թալ Թաուիլէ եւ Քրապին գիւղերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով բնակարաններ եւ գիւղատնտեսական հողատարածքներ կը վնասուին։