Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, սուրիական դպրոցներուն մէջ, մինչեւ 10 Փետրուար, պսակաձեւ ժահրով վարակուած 2177 պարագայ արձանագրուած է։ 2177 վարակակիրները միայն աշակերտներ չեն,  ուսուցչական կազմէն եւ վարչական պաշտօնէութենէն եւս վարակուողներ նկատի առնուած են։
Նախարարութեան դպրոցական առողջապահական բաժինի տնօրէնուհի տոքթ. Հթուն Թաուաշի ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ դպրոցական առողջապահութեան տնօրէնութեան «համաճարակներ հետապնդող խմբակը» բծախնդրօրէն կը հետեւի դպրոցներուն եւ քննութեան կ՚ենթարկէ կասկածելի պարագաները։ Թաուաշի աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան հետ կը գործակցի դպրոցներուն պսակաձեւ ժահրի յայտնաբերման արդիւնաբեր գործիքներ ապահովելու համար, ինչ որ կը դիւրացնէ կասկածելի պարագաներու հետապնդման ընթացքը եւ վարակուած պարագաներուն բուժումը։