“Թերթ” – Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութիւնը յայտնած է, որ այսօրուան ընթացքին ականազերծման խումբերը Արցախի տարածքէն յայտնաբերուած զէնք-զինամթերքի վնասազերծման աշխատանքներ նախատեսած են Ստեփանակերտի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի քաղաքներուն եւ յարակից բնակավայրերուն մէջ, Ասկերանի շրջանի Խնածախ եւ Այգեստան համայնքներու տարածքներուն: Չպայթած եւ վտանգ ներկայացնող ռազմամթերքի յայտնաբերման, անոնց վնասազերծման կամ պահեստաւորման պարագային, այսօր Արցախի բնակավայրերը մեծ մասամբ անվտանգ են: Արտակարգ Իրավիճակներու Ծառայութեան ականազերծման ջոկատները, Արցախի մէջ գործող մարդասիրական ականազերծող կազմակերպութիւնները եւ Ռուսիոյ Պաշտպաութեան Նախարարութեան ականազերծները այժմ բնակավայրերէն բացի, երկրաչափական-հետախուզական հիմնական աշխատանքներ ուղղած են անտառային, դաշտավայրային ու լեռնային գօտիներուն մէջ: Նշենք, որ ռազմագործողութիւններու ընթացքին «Սմերչ» համակարգէն եւ «կրատ» կայանքէն խաղաղ բնակավայրերուն վրայ կիրառուած են հեռահար հրթիռային, հարուածային եւ քասետային ռումբեր, ականանետեր եւ այլ չթոյլատրուող զինատեսակներ: