ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ 13 Փետրուարին կազմակերպուած է ճրագներով երթ: Երթը նուիրուած է Արցախեան գոյապայքարի զոհասեղանին իրենց կեանքը զոհած բոլոր հայորդիներուն սուրբ յիշատակին: Ընտրուած օրը պատահական չէր` 33 տարի առաջ այս օրը Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Արցախեան գոյապայքարի առաջին հանրահաւաքը: «Երթ Խոնարհումի եւ Հպարտութեան» խորագիրով ձեռնարկը մեկնարկած է Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն դէպի Եղբայրական գերեզմանոց: Երթը պահ մը կանգ առած է Վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղադրուած 44-օրեայ պատերազմի զոհերու լուսանկարներուն մօտ, մասնակիցները վառած են 88 մոմեր: