16 Փետրուարը ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, Արցախի հերոս Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրն է: Արցախի պատմութեան շրջադարձային փուլին երկրի ղեկավարութիւնը ստանձնած յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ, գիտնական Արթուր Մկրտչեան պիտի դառնար 62 տարեկան: Ի՞նչը  սխալ հունով ընթացած է, որո՞նք են մեր հիմնական բացթողումները, այս հարցումները կը  յուզեն անոր շիրիմը այցելողները: Անոր յուշաքար-գերեզմանին յարգանքի տուրք  մատուցած են հարազատները, ԱՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, ՀՅԴ անդամներ:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան ըսած է, որ Մկրտչեանի շիրիմը այցելելը խիստ ծանր է, յատկապէս այսօր. «Արթուր Մկրտչեանի կերպարը մեզի անհրաժեշտ է, այդ կարգի առաջնորդները պահանջուած են: Ցաւօք սրտի տեսանք, որ առաջնորդողներ եւ առաջնորդներ չունինք», յայտնած է Դաւիթ Իշխանեան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ճիշդ վերլուծել անցեալի սխալները` ցանկալի ներկան ու ապագան կերտելու համար:

Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Վահրամ Պալայեան կը կարծէ, որ քաղաքականութեան մէջ բարոյականութեան ճամբով քալող գործիչները պատմութիւնը չի մոռնար: Այդպիսի գործիչներէն է Արթուր Մկրտչեան, որ քաղաքականութեան բերաւ նաեւ իրական ժողովրդավարութիւնը:

«Մեր դժբախտութիւնը անոր մէջ է, որ սխալ ճամբով գնացինք: Մարդիկ, որոնք արժանի չէին ղեկավար ըլլալու, դարձան ղեկավարներ, հարց լուծողներ: Անոր հետեւանքով այսօր շատ հարցեր կան շտկելու, վերախմբագրելու: Համոզուած եմ, որ մեր ժողովուրդը այս անգամ ալ պիտի յաղթահարէ դժուարութիւնները, բայց միայն ու միայն ճիշդ ուղիով` նորովի արժեւորելով այն ճամբան, որ անցած են Արթուր Մկրտչեանը, անոր գաղափարակիցները», ըսած է Վահրամ Բալայեան: