ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Չորեքշաբթի, 3 Մարտին հանդիպում ունեցած է Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի ղեկավարներուն` Շարժումին կողմէ վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանի, ՀՀԿ Գործադիր Մարմինի անդամ Վահրամ Պաղդասարեանի եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանի հետ: Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակի հանգուցալուծման, վերջին իրադարձութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած լարուածութեան թուլացման միջոցներուն շուրջ: Շարժումին ղեկավարները ներկայացուցած են իրենց մօտեցումներն ու տեսակէտները: