Երեքշաբթի, 9 Մարտ 2021-ին, «RT Arabic» հաղորդեց, որ Ռուսական Հանրապետութեան բանբեր Տիմիթրի Փեսքով քաջառողջութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին եւ Առաջին Տիկնոջ Ասմա ալ Ասատին, յուսալով, որ ախտանշանները կ՚ըլլան թեթեւ եւ որեւէ բարդութիւն տեղի չ՚ունենար։ Փեսքով յայտնեց, որ ռուս մասնագէտները մեծ փորձառութիւն ձեռք բերին պսակաձեւ ժահրի համաճարակին յաղթահարման ոլորտին մէջ, աւելցնելով. «Անկասկած, որ Նախագահ Ասատ ռուսական կողմէն որեւէ օգնութիւն պէտք ունենալու պարագային նախագահ Փութին կը փութայ օգնութեան»։