Երկուշաբթի, 8 Նարտին, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Բաղրամեան պողոտայէն երթ կազմակերպած էր դէպի «Եռաբլուր» պանթէոն: Երթի մասնակիցները ըսած են, որ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը անոնք կ’ուզեն յիշատակել Եռաբլուրի մէջ` զոհուած զինուորներու մայրերուն եւ քոյրերուն հետ, որոնք Արցախեան վերջին պատերազմին պատճառով կորսնցուցած են իրենց որդիները, ամուսիններն ու եղբայրները: Երթի մասնակիցները Եռաբլուրի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին հայրենիքին համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներուն յիշատակին: «8 Մարտը պէտք է, որ տօն ըլլար, բայց տօնի մասին խօսելու ո՛չ բարոյական, ո՛չ հոգեկան մթնոլորտ կայ: Այսօր մեր հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը վերագտնելու սահմանը կ’անցնի Եռաբլուրով», լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան: