«Երկիր».-«Թալէաթ փաշա, ժամանակակից Թուրքիոյ Հայր, Ցեղասպանութեան Ճարտարապետ» վերնագիրով գիրքը թարգմանուած է թրքերէնի: Թարգմանութեան մէջ, որ որոշ թրքական լրատուամիջոցներ արկածախնդրական որակած են, թուրքերը վրդովեցուցած է երկու հանգամանք. առաջինը «Ցեղասպանութեան ճարտարապետ» արտայայտութիւնն է, երկրորդը այն, որ թրքերէնով «Ժամանակակից Թուրքիոյ հայր» արտայայտութիւնը փոխարինուած է «Իթթիհատիզմի ուղեղ» արտայայտութեամբ: «Թալէաթ փաշա, իթթիհատիզմի ուղեղ, ցեղասպանութեան ճարտարապետ» վերնագիրով գիրքի թրքերէն տարբերակը թուրքերը որակած են «այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան մեղադրանքներու քարոզ»: Գիրքը հրատարակած է İletişim Yayınları անկախ հրատարակութիւնը, որ ծանօթ է ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքերու հրատարակութեամբ: