“Երկիր”._ֆրանսական Le Point-ը հաղորդած է, որ խումբ մը ֆրանսացի մտաւորականներուն տարածած հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է, որ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէն 9 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած հրադադարի մասին յայտարարութենէն չորս ամիս անց պաշտօնական Պաքուն կը հրաժարի փաստաթուղթի մարդասիրական կէտերէն մէկը գործադրելու՝ ռազմագերիներու ազատ արձակումը: Ֆրանսացի մտաւորականները արձանագրած են, որ Ատրպէյճանը կոպտօրէն խախտած է իր կողմէն ստանձնած պարտաւորութիւնները: «Ստորագրուած փաստաթուղթի նկատմամբ այս անարգալից վերաբերմունքը կը փշրէ 1915-ի Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անց հայ ժողովուրդին՝ իր նախնիներու հողին վրայ բնականոն կեանքի վերադառնալու յոյսը», յայտնած են անոնք՝ ընդգծելով, որ ատելութեան յստակ դրսեւորում է: Մտաւորականները յիշեցուցած են, որ Ատրպէյճանը, որուն զինուորականները պատերազմի ընթացքին ռազմական յանցագործութիւններ իրականացուցած են հայերուն նկատմամբ՝ սպանելով ու խոշտանգելով ինչպէս հայ զինուորներուն, քաղաքացիական անձերուն, խեղդելով անոնց դիակները, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վարկանշային վատագոյն ցուցանիշները ունի աշխարհի մէջ՝ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէն հադտատուած, ինչպիսին են՝ Freedom House-ը եւ «Լրագրողներ առանց սահմաններու»։ «Այս կոչը ստորագրողները կը խնդրեն Մինսքի խումբի համանախագահ Ֆրանսայէն, որ մասնակցած է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն, օգտագործել իր ողջ իրաւասութիւնը հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումին համար: Եթէ ԵԱՀԿ_ի կողմէն հովանաւորութիւն ստանձնած այս խումբը չի կրցաւ կանխել պատերազմը կամ պաշտպանել մարդոց, որոնք զոհ գացին, ապա գոնէ հրադադարի դրութեան այս մարդասիրական կէտի պահպանումը թող ապահովէ», ըսուած է շուրջ հարիւր ֆրանսացի մտաւորականներուն ստորագրած յայտարարութեան մէջ: