ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Երեքշաբթի, 16 Մարտի երեկոյեան, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ վար առին իսրայէլեան հրթիռներ: Հրթիռները արձակուած էին բռնագրաւեալ Կոլանի շրջանէն: Արձանագրուած են նիւթական վնասներ: