Թատրոնը մարդկային մշակոյթի պատմութեան մէջ ամէնէն ազդեցիկ հարթակներէն մէկն է, որովհետեւ ան հայելիի նման կ՚արտացոլէ կեանքը եւ մարդկային յոյզերն ու զգացումները:
Կիրակի, 7-14 Մարտ 2021-ին հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Եպիսկոպոս Զօպուեանի համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորը կրկին անգամ վարագոյրը բացաւ, այս անգամ ներկայացնելով Փանչօ Փանչեւի «Չորս Նմանակ Եղբայրները» մանկապատանեկան ներկայացումը, որուն բեմադրիչն էր՝ Շանթ Ուրիշիկեան, իսկ դերակատարները պատանիներ՝ Արման Տէր Պետրոսեան, Արինա Պօշկեզէնեան, Միրէյ Չաղլասեան, Մայք Գեւոյեան, Ալին Քիլէճեան եւ Սերենա Պէրպէրեան:
Երբ բեմի վարագոյրը բացուեցաւ հանդիսատեսը փոխադրուեցաւ հեքիաթային աշխարհ մը եւ ինչպէս բոլոր հեքիաթները կը սկսին «կար ու չկար»ով, նոյնպէս ալ թատերգութիւնը սկիզբ առաւ մեծ մայրիկին «կար ու չկար»ով: Ան պատմեց, թէ ինչպէս ժամանակին Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէր երկուորեակներու գիւղը, ուր կ՚ապրէին չորս նմանակ եղբայրներ, այնքան իրար նման, որ կարծես խնձոր մը չորս մասի բաժնուած ըլլար, նոյնիսկ անոնց մայրը դժուարացած էր զանազանել զանոնք, ուստի ան լուծում մը գտած էր եւ իւրաքանչիւրին համար յատուկ գլխարկ գնած, անկէ ետք ամբողջ գիւղը երկուորեակները կը ճանչնար անոնց գլխարկներով՝ խարտեաշիկ, ճերմակիկ, սեւուլիկ եւ խատուտիկ: Չորս եղբայրները սիրահարուած էին նոյն աղջկան՝ Պօնքային եւ անոր մօրը քով մէկ առ մէկ երթալով կը խնդրեն Պօնքային ձեռքը: Պօնքային մայրը՝ Էլենան կը հարցնէ թէ արդեօ՞ք տղաքը պատրաստ են աշխատելու եւ երբ բոլորէն բացասական պատասխան կը ստանայ տղոց մօրը Ազնիւին հետ կը մտածեն եւ որոշումի կը հասնին՝ տղոց ղրկել երկրէն դուրս աշխատելու եւ ով որ կարենայ ամէնէն ծանր ոսկի ապարանջանը նուիրել Պօնքային ան իրաւունք կ՚ունենայ ամուսնանալ անոր հետ: Եղբայրները կը համաձայնին այս պայմանին եւ ճամբայ կ՚իյնան: Կ՚անցնի չորս տարի: Օր մը երկուորեակներուն գիւղը պառաւ մը կու գայ եւ կ՚իջեւանէ Պօնքայենց տունը: Պառաւը՝ նոյն հեքիաթասաց մեծ մայրիկը, որ ճամբարդող գուշակ մըն էր եւ հատ ու կենտ տեղեկութիւններ ունէր տղոց մասին, կախարդական տարազ մը կու տայ Պօնքային: Պօնքան երբ այդ տարազը հագնէր կը վերածուէր տղու եւ ոչ ոք կրնար ճանչնալ զինք: Պօնքա կ՚որոշէ այդ տարազով երթալ եւ փնտռել եղբայրները: Կը գտնէ զանոնք։ Սեւուլիկը դարձած էր աւազակ մը, Խատուտիկը՝ վաճառական, Ճերմակիկը՝ ձրիակեր, իսկ Խարտեաշիկը՝ ամէն օր ոսկի կը պեղէր կը մշակէր ու կ՚աւելցնէր իր շինած ապարանջանին վրայ: Պօնքային որոշումը յստակ էր այլեւս: Ան կը վերադառնայ գիւղ եւ կը սպասէ տղոց վերադարձին ապա կ՚ամուսնանայ խարտեաշիկին հետ:
Ներկայացումը արդիւնք էր հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքի, որուն արգասիքը դերակատարները, բեմադրիչն ու բոլոր քուլիսային աշխատակիցները քաղեցին ներկաներու բարձր ծափողջոյններէն:
Գովեստի արժանի է մանաւանդ բեմադրիչ Շանթ Ուրիշիկեանի աշխատանքը. ան ոչ մէկ ճիգ խնայած էր լաւագոյնը մատուցելու, իսկ դերակատարներէն Արման Տէր Պետրոսեան հանդիսատեսի ուշադրութեան արժանացաւ իր իւրայատուկ խաղով, Արմանը չորս նմանակ եղբայրներուն դերը բացառիկ վարպետութեամբ կատարեց անոր ձայնի ելեւէջներէն առանց բեմին նայելու կը գիտնայիր, թէ որ կերպարն է խօսողը:
Աւելցնենք, որ բոլոր դերակատարները երեք ամիս հերթականութեամբ մասնակցած էին դերասանական վարպետութեան դասընթացքի, պարոն Էլիա Քաճմինիի հսկողութեամբ եւ այս թատերական ներկայացումով անոնք իրենց ստացած գիտելիքները դերերու ընդմէջէն հանրութեան ներկայացուցին:
Ներկայացման աւարտին թատերական միաւորի վարչութեան ատենապետ՝ Սագօ Խալոյեան անդրադառնալով կանանց տօնին շնորհաւորեց բոլոր կիները եւ յիշեց թատերական միաւորի սիւներէն Յուշիկ Ղազարեանը, որուն երազներէն մէկն էր այս թատերական ներկայացումը բեմ հանելը: Ապա դերակատարները պարգեւատրուեցան հաստատագիրներով, որմէ ետք պարոն Էլիա Քաճմինի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համազգայինի ծաւալած գործունէութեան նշելով, որ Համազգայինը սուրիական մշակոյթի սիւներէն մէկն է: Ան յիշեց վաղամեռիկ Յուշիկ Ղազարեանը, շեշտելով որ ան եղաւ այն ուսուցիչը, որ թատրոնի նկատմամբ սէրը արթնցուց նոր սերունդին հոգիին մէջ: Ապա Համազգայինի Շրջ. Վարչութիւնը գնահատեց Շանթ Ուրիշիկեանը յատուկ յուշանուէրով մը։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Սրբազան հայրը գնահատեց դերակատարները, որոնք Համազգայինի թատերական դպրոցին մէջ փորձառութիւն եւ հմտութիւն ձեռք ձգեցին։ Յատկապէս յիշեց միաժամանակ չորս մարդու կերպարը ներկայացնող Արման Տէր Պետրոսեանը, աւել-ցնելով որ դիւրին չէ չորս նկարագրի տէր տարբեր մարդիկ այսքան հարազատ ձեւով ներկայացնելը բեմին վրայ։ Սրբազան հայրը ըսաւ, որ թատրոնը մեր կեանքի տարբեր գոյները բեմ կը հանէ եւ դաստիարակիչ դեր ունի, որովհետեւ կը բացայայտէ կեղծիքը եւ կը պարզէ անկեղծն ու արդարամիտը։
Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորին, բեմադրիչ Շանթ Ուրիշիկեանին, ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան Համազգայինին, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ Էլիա Քաճմինիին, որ պատանի դերակատարներուն հետ կարճ շրջան մը աշխատելով, անոնց թատերական արուեստին ու դերասանութեան ծանօթացուց ու սորվեցուց իւրաքանչիւր դերի մարմնաւորման հիմնական արտայայտչաձեւերը։
Վեհան Պարսումեան