Ով իր հայրենիքը չի սիրում, իրաւունք չունի օտարներից սէր պահանջելու:
Րաֆֆի
Մեկնակէտ ունենալով այն մտածումը, թէ Նիկոլ Փաշինեանի եւ գործակիցներու իշխանութիւն(ներ)ը իր դրամագլուխը սպառած-մսխած է եւ թէ՝ Հայաստան պիտի ունենայ նոր իշխանութիւն, ընդվզող եւ վերականգնումի հորիզոններուն նայող իւրաքանչիւր հայ, Հայաստան-Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ քանի մը անվիճելի հրամայականներու, մարտահրաւէրներո՛ւ: Առաջինը՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ վերականգնումն է, եւ այդ միասնութեան հիմամբ՝ ազգային-պետական ամբողջական ծրագիրի մը բիւրեղացումը:
Փաստ է, որ եթէ 90-ականներէն ասդին երկրին մէջ, – հետեւաբար նաեւ՝ Սփիւռքի, – կային շերտաւորումներ, հակադիր-մրցակից խմբաւորումներ, որոնք մերթ օգուտ եւ մերթ վնաս բերած են մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին, վերջին տարիները եղան փուլ մը, երբ այդ հակադրութիւնները զգեցան տեսակ մը պաշտօնականութիւն. իշխանութիւնը, իր գլխաւոր ղեկավարով եւ խորհրդակիցներով, երկիրը «կնքեց» երկու մեծ խումբի, զանոնք մերթ որակելով «հիներ»-«նորեր», «յեղափոխականներ-հակայեղափոխականներ», «սեւեր-սպիտակներ» եւ այլն: Այս մօտեցումը չնպաստեց միասնութեան զօրացման, ո՛չ ալ՝ հայրենական ու ազգային էական հարցերու շուրջ միացեալ տեսլականի մը առաջնորդելու գործին: Պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ յեղափոխութիւնը զուրկ էր ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵՆԷ, չունէր ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ հիմունք, որուն շուրջ կոչուած էր համախմբուելու ամբողջ ազգը:
Այս հաստատումը ընելով, ի մտի չունինք համայնավարներու օրով միատեսակ մտածողութեան պարտադրանքը, այլ ի մտի ունինք յառաջացած երկիրներու մէջ տարբեր գաղափարներու հետեւորդներու ներգործօն ներկայութիւնը, եւ այդ գաղափարներուն միջեւ ազնիւ մրցակցութեան հրամայականը: Գիտենք, որ մրցակցութիւնները յաճախ անազնիւ ալ կ՚ըլլան, սակայն երբ երկիրն ու ժողովուրդը կը դիմագրաւեն գոյութեան տագնապ, երդուեալ հակառակորդներու միջեւ կը ստեղծուի գործակցութեան, համախոհութեան տարազ մը: Մինչդեռ, Հայաստանի մէջ նման ենթահող փուլ առ փուլ ա՛յնքան նօսրացաւ, նոյնինքն Գաղափարը ներկայացուեցաւ իբրեւ վանողական եւ ժխտական գործօն, որ քաղաքական-կուսակցական ոլորտներու մէջ, հակառակորդներ զիրար կը դիտեն շատ աւելի թշնամանքով, քան՝ իսկական թշնամիները…:
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ՛Ն ՊԱՀԱՆՋԸ
«Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան հակադրուած ու համակիր բոլոր խմբաւորումները կը գտնուին համախոհութեան մը հասնելու պարտադրանքին դիմաց. պահ մը կանգ առնել, եթէ պէտք է՝ նաեւ քայլ մը ետ երթալ եւ բանաձեւել Հայաստանի ու հայութեան համար, պետականամիտ այնպիսի ծրագիր(ներ), որ ուղեցոյց ծառայէ արձանագրուած կորուստներուն վերադարձին ու հայրենիքին ու ժողովուրդին վերականգնումին:
Արհամարհելի չեն այն դժուարութիւնները, որոնք կը կանգնին նման բանաձեւումի դիմաց: Անոնք բազմաթիւ են ու բազմաբնոյթ. կայ իշխանութեան «ես անվիճելի հեղինակութիւն եմ, ժողովուրդը կը ներկայացնեմ» տեսակէտը, մինչդեռ դաժան զարգացումները ուրիշ տեղ հասցուցած են բոլորը: Կան ընդդիմադիրներու եւ մէկ-կողմ կանգնողներու մերժողական ու կրաւորական կեցուածքները, որոնք հիմնաւորեալ են կամ կրնան անբացատրելի թուիլ: Ազգային շահերն ու նոյնինքն ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ կը պահանջեն, որ հակադիր խրամատներու մէջ կանգնողները զգենուն փոխադարձ հանդուրժողութիւն, քննարկեն ու տեսնեն, թէ ինչպիսի՛ առաջադրանքներ եւ հեռանկարներ ԿԸ ՄԻԱՒՈՐԵՆ զիրենք, որովհետեւ այլապէս, տարակարծութիւնները միշտ ալ գոյութիւն պիտի ունենան:
Այլ խօսքով, առաջադրուած ազգային փրկութեան կառավարութիւնը, ժամանակաւոր՝ փոխանցման նկարագիրով, թէ անոր յաջորդելիք՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ, ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ կառավարութիւնը, կոչուած են իրենց շուրջ համախմբելու ամբողջ ժողովուրդն ու ազգը (սա վերացական խօսք չէ): Կառավարութիւն՝ որ պիտի ունենայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՎ ՇԱՐԺԵԼՈՒ հիմնաքար, եւ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ-ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ հարցերը լաւագոյն ձեւով լուծելու գաղափարական յենարանը, նպատակակէտը:
ԻՐՈՂԱԿԱՆ «ԿԱՊԱՆՔՆԵՐ»
44-օրեայ պատերազմէն առաջ ալ, եւ տասնամեակներ շարունակ, Հայաստանի մէջ իշխանութեան հասնողներ առաւել կամ նուազ չափով թերի մնացին՝ այս հիմունքներուն իրազեկ ըլլալու եւ զանոնք հետապնդելու առումով: Մանրամասնենք գոնէ կէտ մը. Հայաստան, ենթարկուելով միջազգային կարգ մը օրէնքներու (առաւելաբար ուրիշներու համար բանաձեւուած) սկզբունքներուն, ինքզինք միշտ ալ կապանքի տակ զգաց իր արդար ու պատմական իրաւունքները լիարժէքօրէն, ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ հետապնդելու դաշտին մէջ: Անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանը ընդունեց այն վարկածը, թէ իր սահմանները ժառանգ մնացած են Խորհրդային Միութեան օրերէն (չխօսինք անորոշ սահմանագիծերու մասին), հողային պահանջներ չունի դրացիներէն, իսկ հիմա, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, այս ցաւը աւելի կը շեշտուի:
Փաստօրէն, մինչեւ այսօր ալ մեր ազգային տեսլականին – ու դաստիարակութեան – մէջ չենք ներմուծած այն իրականութիւնը, որ Հայաստան եւ Հայ ժողովուրդը չեն կրնար ընդունիլ պարտադրուած սահմանները, ունին անհատոյց մուրհակներ, որոնց համար պահանջատէր ենք՝ մինչեւ արդար հատուցում: Մեր թշնամիները լաւ գիտեն այս իրականութիւնը, իրենց պետական ծրագիրներն ալ կը մշակեն այս գիտակցութեամբ: Ճիշդ է, որ միջազգային պայմանները նպաստաւոր չեն այս դիտանկիւնէն, սակայն ո՛չ ոք կ՚արգիլէ, որ մեր ազգային-պետական մտածողութեան քովն ի վեր, եւ սկսելու համար՝ մենք մեր աչքին յստակացնենք այս պահանջատիրութիւնն ու իրաւատիրութիւնը:
ՔԱՅԼ ՄԸ ՅԱՌԱՋ
Երբ նման մտածողութիւն կը մնայ մակերեսային, չի խորանար իշխանութիւններուն եւ ամբողջ ժողովուրդին մտածողութեան մէջ, հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ թշնամիներուն կողմէ մեծ ու փոքր ոտնձգութիւններ (սահմանային կրակոցներ, սպանութիւն, վիրաւորներ, իսկ վերջերս ալ Արցախէն հողային կորուստ, Սիւնիքի ու Տաւուշի վտանգում…) անհրաժեշտ հնչեղութեամբ չեն հետապնդուիր պետական մակարդակի վրայ, դիւանագիտական եւ այլ ցանցերու ամբողջական ներուժով (հոս ալ չմտնենք այն բանավէճին մէջ, որ Արցախի կորուստը որքանո՞վ լուռ համաձայնութեան մը, որքանո՞վ՝ միջազգային անախորժ ու աննպաստ հարկադրանքներու հետեւանք էր):
Ազգային տեսլականներու այս նախադրեալին կողքին, Հայաստանի մէջ պէտք է բիւրեղացնել կառավարման ձեւի գաղափարակա՛ն հիմերը, այսինքն անցեալ 30 տարիներու «կաշկանդուածութենէն» քայլ մը յառաջ անցնիլ:
Մենք տեսանք, որ ազատ-շուկայականութիւնը, սանձարձակ դրամատիրութիւնը եւ, ըստ ամենայնի՝ արեւմտեան վնասարար դրոյթներու ընդօրինակումը ինչպիսի՛ աղէտներու առաջնորդեց երկիրը, եւ այդ՝ անկախ պատերազմէն ու Պսակաւոր ժահրի համաճարակին հետեւանքներէն: Այլ խօսքով, Հայաստանի պէս երկիր մը, և ինչպէս որեւէ երկիր, և պէտք է որդեգրէ, երկրի հարստութիւններն ու շուկաները, տնտեսական ոլորտները հաւասարակշռուած ու արդար կերպով յանձանձել երաշխաւորող՝ գաղափարական տեսութիւն(ներ): Եւ որպէսզի մեր այս քննարկումը (ու առաջարկը) չմտնէ գաղափարական տեսութիւններու բաղդատականի ոլորապտոյտին մէջ, կը բաւականանանք արձանագրելով, որ իսկական Ընկերվարական դրոյթի մը, Հայաստանի պայմաններուն համապատասխան դրոյթի մը որդեգրումը կը մնայ նախամեծար, ո՛չ այն «ընկերվարութիւնը», որ միջազգային բեմին վրայ խեղաթիւրուած է եւ կը շփոթուի համայնավարութեան հետ (յաճախ դիտումնաւոր): Չմոռնանք, որ որեւէ գաղափար բանաձեւուած է երկրին ու ժողովուրդին ծառայելու նպատակով, եւ ո՛չ թէ հակառակը: Նոյն տրամաբանութիւնը կը պահանջէ ընդունիլ, որ կուսակցութիւններն ու նոյնինքն իշխանութիւնը ունին ժողովուրդին ծառայելու առաքելութիւնը, եւ ո՛չ թէ ժողովուրդը պէտք է լծեն իրենց մասնակի-ժամանակաւոր շահերուն սայլին:
Կարելի է երկար դեգերիլ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ հրամայականին եւ զայն գործնական ուղի հասցնող ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷ մը սպասումներու ոլորտներուն մէջ, սակայն կ՚ուզենք այստեղ կանգ առնել եւ անգամ մը եւս շեշտել, թէ 10 Նոյեմբերէն ասդին, Հայաստան-Արցախն ու անոնց հետ Հայ ժողովուրդը ինկած են այնպիսի անդունդի մը մէջ, որմէ դուրս գալու համար, անյետաձգելի է շփոթանքի վիճակին թօթափումը:
Իսկ թէ ինչպիսի՞ վիթխարի հարցեր պիտի դիմագրաւէ վերականգնումի լուծը յանձն առնող յաջորդ իշխանութիւնը՝ կը կարօտի առանձին քննարկումի: Դաշտերը ընդարձակ են, կը տարածուին ներքին, արտաքին (շրջանային եւ միջազգային) ոլորտներու վրայ: Պիտի անդրադառնանք հպանցիկ նշումներով:
 27 Փետրուարէն 4 Մարտ 2021
Ս. Մահսերէճեան