Երբ կը թերթատէի զաւկիս հայերէն դասագիրքը՝ ուշադրութիւնս գրաւեց «Պճեղ Մը Անուշ Սիրտ» խորագիրը: Միտքս թռիչք առաւ դէպի աշակերտական օրերս, երբ ես ալ այս պատմուածքը ընթերցած էի այնքան հաճոյքով: Այս գործը Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպէն ետք ամէնէն հանրածանօթ պատմուածքն էր, նոյնիսկ տեղ գտած էր բազմաթիւ դասագիրքերու մէջ որպէս դասական կտոր մը:
Գրադարանէս վար առի 1933-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսած «Յարալէզներուն Դաւաճանութիւնը» հատորը ու անհուն կարօտով վերստին ընթերցեցի Շահնուրի մեզ նուիրուած այդ եօթը հրաշալի պատմուածքները:
Վերոնշեալ պատմուածքին մէջ հեղինակը իր գլխաւոր հերոսները չէր ընտրած ազնուական դասակարգէն, այլ թափանցելով Արեւմտահայաստանէն Փարիզ գաղթած հասարակ խաւին կեանքին մէջ, հոգեբանական վերլուծումներով կերտած էր տիպարները՝ Եփրաքսէ հանըմն ու Նորայրը:
Երիտասարդ Նորայր Կարապետեանը, որ Ֆրանսա մնալու դատապարտուած էր, չէր կրցած ընտելանալ նոր երկրի խորթ կենցաղին: Շրջապատող դժուարին պայմանները այլեւս սկսած էին ազդել իր հոգեվիճակին վրայ: Ան առանձին կ՚ապրէր պանդոկի մը մէջ եւ ոչ մէկ բան իր հոգեկան տագնապն ու ցաւը կը մեղմացնէր:
Իսկ Եփրաքսէ հանըմ՝ տարեց կինը, որ կ՚ապրէր իր երկու բանուոր մանչերուն հետ աշտարակի պէս բարձր շէնքի մը ձեղնայարկը, չափազանց բծախնդիր էր մաքրութեան մէջ ու Փարիզի օրէնքներն ու կենցաղը երբեք չէին համապատասխանէր իր մաքրութեան չափանիշերուն:
Օր մը Եփրաքսէ հանըմ շուրջիններուն նեղութիւն չպատճառելու համար կ՚որոշէ Պոլսէն իր հետ Փարիզ բերած գորգը տանիլ ու մաքրել Բարեկ Սմբատեաններուն տան պարտէզին մէջ, որ կը գտնուէր քաղաքէն դուրս, արուարձանային թաղի մը մէջ: Ճանապարհին, թրամվային մէջ կը հանդիպի երիտասարդի մը, որուն ձեռքի հայերէն թերթով պլլուած ծրարը կը բացայայտէր անոր ինքնութիւնը: Եփրաքսէ հանըմ հասկնալով թէ երիտասարդը հայ է, կը փորձէ զանազան հարցումներով ու նիւթերով ջերմ մօտիկութիւն ցուցաբերել անոր նկատմամբ: Երիտասարդը զգալով Եփրաքսէ հանըմին մայրական հոգատարութիւնն ու գուրգուրանքը՝ կը խնդրէ մայրիկէն ծառայութիւն մը: Մամիկը քիչ մը տատամսելէ ետք, իր գորովալի սրտին գերի կ՚իյնայ ու կ՚ընդունի անոր առաջարկը՝ նամակը յանձնել պանդոկապետին:
Անոնք որոշեալ տեղ մը կ՚իջնեն: Երիտասարդը նամակ մը կը գրէ ֆրանսերէնով ու իր ինքնութեան թուղթին հետ կը յանձնէ մայրիկին: Ցոյց տալով պանդոկը՝ լուռ կը հեռանայ:
Երբ Եփրաքսէ հանըմ ֆրանսացի պանդոկապետուհիէն կ՚իմանայ նամակին բովանդակութիւնը, թէ Նորայր անձնասպան պիտի ըլլայ ու իր սենեակին բոլոր իրերը կտակած է իրեն, խորապէս կը ցնցուի: Պանդոկին մէջ փոթորիկ մը կը փրցնէ:
Պանդոկապետը զինք հանդարտեցնելու համար Նորայրին սենեակը կը բարձրացնէ: Եփրաքսէ հանըմ երբ հայելիին վրայ զետեղուած Նորայրին մօր պատկերը կը տեսնէ՝ կը զգայ անոր վիշտն ու տառապանքը: Մըտքին մէջ կը սկսին մահուան ցնորական տեսիլներ գալ: Երիտասարդին փոխարէն իր փոքր որդին պատկերացնելով՝ առաւել կը յուզուի ու կու լայ:
Ձերբազատելու համար այդ մտատանջութիւններէն՝ իր ուշադրութիւնը ակներեւ եղող այլ բաներու վրայ կը կեդրոնացնէ: Յանկարծ միտքը կու գայ իր ընտիր գորգը, որուն համար այսքա՜ն ճամբայ չափած էր: Կ՚որոշէ սենեակին պատուհանէն թօթուել: Այդ միջոցին ինք կը սահի ու գորգն ալ վար կ՚իյնայ: Եփրաքսէ հանըմ սաստիկ վախցած կը սկսի ինքզինք նախատել: Ան կը համոզուի թէ իսկապէս ծայրայեղութեան տարած է մաքրութիւնը:
Խեղճ մայրիկը, ամօթահար ու մտահոգ, պանդոկի դրան դիմաց կանգնած ո՛չ կը համարձակի երթալ գորգը վերցնել, ո՛չ կը համարձակի մէկէ մը օգնութիւն հայցել, ոչ ալ հանգիստ ու խաղաղ սրտով տուն վերադառնալ:
Շահնուր իր այս միամիտ ու բարի տիպարով ցոյց կու տայ ընթերցողին անոր պճեղ մը անուշ սիրտը: Ան հայ մօր խտացուած կերպարն է: Հայ մայրը բնածին բարձր յատկութիւններով օժտուած է, ի մասնաւորի հոգատարութեամբ, զոհողութեամբ, առատ սիրով ու տուեալ պայմաններու յարմարելու ընդունակութեամբ:
Թամար Սարգիսեան-Գրիգորեան