Հայրս կիրակնօրեայ սովորութիւն մը ունէր. ան առաւօտ կանուխ նախաճաշի սեղանէն ելլելէ ետք կը սիրէր օրուան առաջին սուրճը առանց հապճեպի ըմպել, որովհետեւ Կիրակի օրը միակ օրն էր, որուն ընթացքին գործի հեւք չունէր: Այդ օր շաբթուան գնումները ընելու համար տետրի մէջ կ՚արձանագրէր տան պէտքերը:
Ան կիրակնօրեայ հագուստները հագած հրաժեշտ կու տար մեզի, իսկ տունէն դուրս չելած, նախքան դուռը փակելը, ամէն անգամ նոյն հարցումը կը կրկնէր.
– Ուրիշ բան մը պէ՞տք է…
Այդ Կիրակի բոլոր կիրակիներէն տարբեր էր սակայն: Հայրս հազիւ տունէն իջած՝ սովորականէն շուտ վերադարձաւ: Անոր ձեռքը ո՛չ բանջարեղէն, ոչ ալ տան համար անհրաժեշտ բան կար, այլ՝ խոշոր շրջանակով պատկեր մը կար, մեծկակ պատկեր մը, որ դուռը ձեռամբ բանալու կարելիութիւն չէր տուած հօրս: Դուռը թակեց ու մայրս անմիջապէս բացաւ: Ան շշմած հօրս կը նայէր ու ապշահար հօրս շալկած պատկերը կը դիտէր:
Հայրս շունչ քաշեց, պատկերը վար դրաւ, ինքն ալ անոր կողքի աթոռին վրայ հանգստացուց իր մարմինն ու ձեռքերը: Մօրս հարցական աչքերը անպատասխան չձգելու համար պատկերը իր ճիշդ կողմը դարձուց, ու պարզուեցաւ Սայաթ Նովան՝ ձախ ձեռքին քամանչան, իսկ աջ ձեռքին փետուր մը, որմով կը գրէր: Պատկերը թաւիշի վրայ գծուած էր, 1980-1990-ական թուականներու սերունդին ծանօթ դասական Սայաթ-Նովայի պատկերն էր:
«Տո՜ւն, Քա՛ղցր Տուն». մեր տան շատ կը յարմարէր այս ասացուածքը: Մեր քաղցր տունը շատ մեծ չէր, քանի մը սենեակներէ բաղկացած, յարմար կահաւորումով, պատերէն կախուած իւրայատուկ պատկերներով, օրացոյցով եւ ժամացոյցով զարդարուած էր պարզապէս: Այդ բոլորը տաքուկ մթնոլորտ մը ապահոված էին մեր տան, սակայն մայրս Սայաթ Նովան ո՞ւր տեղաւորէր…:
Չխօսեցաւ, լիաթոք ներշնչեց: Ի՞նչ ըսէր հօրս, ինք ալ շուարած էր: Մէկ կողմէ չէր ուզեր հայրս նեղացնել, միւս կողմէ մտահոգ էր, թէ Սայաթ Նովայի այդ խոշոր պատկերը ո՞ր պատէն պիտի կախէր:
Հայրս անոր հարցական աչքերը անպատասխան չձգեց ու սկսաւ եղելութիւնը պատմել:
Հազիւ տունէն իջած, շրջուն հնավաճառի մը հանդիպած էր: Հալէպի փողոցներուն մէջ շրջուն հնավաճառները հանրածանօթ էին: Անոնք հնամաշ իրեր կը հաւաքէին: Հայրս երբ Սայաթ Նովայի պատկերը անոր ձեռքը տեսած էր, արիւնը գլուխը խուժած էր: «Մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան Սայաթ Նովայի պատկերը այդ շրջուն հնավաճառին ծախել: Սայաթ Նովան կը ծախուի՞: Զայն ինչպէ՞ս կարելի է թերագնահատել: Ինք որ ըսաւ. «Իս քու ղիմէթըն չիմ գիտի, Ջաւահիր քարին նմանիս», «Նախազ մարդն քեզ չի տեսնի, դուն Նըրան պասն իս, քամանչա՛» այսպէ՞ս պիտի վարձատրուի», մտածած էր հայրս ու վրդոված մօտեցած հնավաճառին եւ առանց սակարկութեան, ուզած գինը տալով, յաղթանակի արտայայտութիւնը դէմքին, ազատագրած էր Սայաթ Նովային պատկերը՝ մոռնալով ամէն ինչ՝ շուկան ալ, տան պէտքերն ալ: Այդ բոլորը կարելի էր յետաձգել, սակայն Սայաթ Նովան անմիջապէս պէտք էր տուն հասցնել:
– Տիգրանուհի՛, գիտեմ Սայաթ-Նովային պատկերը մեր տան տարածութեան հետ համեմատած շատ մեծ է, բայց մեր սրտերը աւելի մեծ են, գիտեմ որ անոր արժէքն ալ մեծ է քեզի համար: Չէի կրնար Սայաթ-Նովան թափառական ձգել, որ թաղէ-թաղ ման գար այդ շրջուն հնավաճառին շալակին:
Հայրս կը փորձէր ինքնարդարացումով կացութիւն փրկել:
Ես, քոյրս եւ եղբայրս հարցական աչքերով կը նայէինք իրարու, հետաքրքրութեամբ սպասելով հօրս եւ մօրս վճիռին եւ Սայաթ Նովայի պատկերին ճակատագրին…
– Պետրո՛ս, լաւ բան ըրած ես Սայաթ Նովան այդ հնավաճառին ձեռքէն ազատագրելով: Անշուշտ մեր սրտերը մեծ են, յատկապէս մեր ազգային արժէքներուն համար:
Մայրս շատ չերկարեց իր խօսքը, որ նորութիւն չէր մեզի համար, որովհետեւ մեզի ջամբած իր դաստիարակութեան ոգին կ՚արտայայտէր: Անոր դաստիարակութիւնը միայն խօսք ու խրատ չէր, այլեւ վերաբերմունք, հաւատքի դրսեւորում: Մայրս մեզի ծանօթ մշակութասէրն էր, որ կրնար նոյնիսկ տան իր տեղը զիջիլ Սայաթ Նովային, կամ ազգային արժէք խորհրդանշող որեւէ իրի: Անշունչ այդ պատկերը արդէն ձուլուած էր մեր տան մթնոլորտին մէջ, կեանք առած ու մենք բարեբախտ առիթը ունեցած էինք հիւրընկալելու զայն:
Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան