1971-ի Դեկտեմբերին էր, երբ օր մը պատահաբար հանդիպեցայ վաղեմի բարեկամիս եւ երբեմնի դպրոցական ընկերոջս՝ Արա Գրիգորեանին, աւելի ծանօթ՝ իբրեւ   Ara Travel: Մեր զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ տրամադրութեանը տակ ունի դէպի Փարիզ ճամբորդական զգալիօրէն զեղչուած գիներով տոմսեր՝ դպրոցականներու վերապահուած:
-Եթէ շահագրգռուած ես,- աւելցուց անցողակի:
-Բայց ես այլեւս ուսանող չեմ, վեց ամիսէ վկայուած եմ եւ պաշտօնապէս կ՚աշխատիմ: Տարիքս ալ  անցուցած եմ՝ դպրոցականէ հեռու ըլլալով:
-Դուն ի՞նչ պիտի ընես, բան մը կը կարգադրենք, Աստուած մեծ է:
Եւ իրօք ալ «բան մը կարգադրեց».  300 լիբանանեանով,- որ է 100-էն քանի մը տոլար պակաս,- ունեցայ Փարիզ երթուդարձի մէկ շաբթուան  լիարժէք տոմս մը՝ ամսուան երկրորդ կէսին համար:
Այդպէս ալ եղաւ, ու հաւանաբար ամսուան 22-ին կամ 23-ին թռայ դէպի  Փարիզ՝ գիշերային թռիչքով մը, որ սկսաւ յետմիջօրէի մօտաւորապէս ժամը եօթին:
* * *
Առաջին ճամբորդութենէս ետք ես ունեցած էի ուրիշ՝ աւելի շինիչ փորձառութիւն մըն ալ 1965-ին, երբ Հայաստանէն,- ուր նաւով գացեր էի,- վերադառնալու համար ստիպուած էինք անցնիլ Մոսկուա, անկէ եւրոպական  ոստանի մը վրայով  հասնելու համար Լիբանան. ես ընտրած էի Մոսկուա-Վիեննա-Պէյրութ գիծը:
Այս բոլորը պէտք է բաւական բան փոխած ըլլային  մէջս, սակայն եւ այնպէս հիմա, անգամ մը որ օդանաւը ոտքերը կտրեց գետնէն, երբեմնի անտրամադրութիւնը վերայայտնուեցաւ իր ամբողջական տարողութեամբ ու կլանեց զիս, մանաւանդ որ այս անգամ ոչ մէկ ընկեր ու մտերիմ ունէի, որուն մօտենայի  ու կարենայի «բացուիլ»:
Ուրեմն ես իմ վրաս կծկուած՝  շատ տկար միջոցներովս կը ջանայի յուսադրել ինքզինքս, մանաւանդ որ անտեսանելի էր շրջապատս, եւ համատարած մութը կարծես թեւերուն մէջ գրկած էր ու կը քողարկէր տեսանելի վտանգները:  Չհաշուած կայտառութիւնը օդանաւին, որ ոչ մէկ տկարութեան նշան ցոյց կու տար:
Ճամբորդները, որ  արդէն սակաւ էին,  հետզհետէ աւելի նուազեցան, քանի երկու  միջանկեալ էջք կատարեցինք. երկուքին ալ եղան իջնողներ, իսկ ելլող չտեսայ, թերեւս ալ…ես իմ հոգերովս տարուած՝ չնկատեցի  այդպիսիները: Յամենայն դէպս, գոհունակութեամբ կ՚ընկալէի ես ճամբորդներու թիւին նուազումը, քանի այդպէսով կը թեթեւնար օդանաւին բեռը, բանիւ նովին կը նուազէին հաւանական վտանգները  եւս:
Գիշերուան ժամը 11-ը ըլլալու էր, երբ օդաչուն յայտարարեց, որ  արդէն մօտեցած ենք Փարիզի օդային  սահմաններուն, ուրեմն պարտ էինք կապել գօտիները ու պատրաստուէինք իջնելու: Այդպէս ալ ըրինք, եւ ահա մեր տակը երեւցաւ Լոյսերու քաղաքը: Առաջին անգամն էր որ գիշերանց կը գտնուէի  լուսաւորուած  քաղաքի մը վերեւ: Եւ ի՜նչ քաղաք…այս որքա՜ն լոյս կար այնտեղ ու որքա՜ն ընդարձակ էր Փարիզը: Այո, այս բոլորին չէի կրնար անդրադառնալ նախորդ գալուս, երբ ոտքով կամ կառքով կը շրջէի միայն  անոր տարածքին:
Ուրախ ալ էի, որ  վերջապէս առանց փորձանքի հասեր էինք:
Բայց  ահա  մէկ ալ սկսայ անդրադառնալ, որ ցանկալի էջքը տեղի չէր ունենար:
Չէի զգար այն յատկանշական պարապը, որ աթոռիդ տակ կը յառաջացնէ իջնելու պատրաստուող օդանաւը, միւս կողմէ՝ ան կը շարունակէր պահել իր բարձրութիւնը՝ միշտ մնալով քաղաքին վերեւ եւ շրջանակներ գծելով ինքնիր վրայ՝ մէկ, երկու, երեք…
Զգացի, որ պաղ քրտինք մը պատեց դէմքս ու ճակատս, մինչ շնչառութիւնս կ՚արագանար, իսկ սիրտս անցք կը փնտռէր կուրծքէս դուրս փախչելու:
Նայեցայ աջ ու ձախ՝ փորձելով  համախոհներ, ըսել կ՚ուզեմ՝ ցաւակիցներ գտնել: Այնտեղ մնացած հատուկենտ ճամբորդները ոչ մէկ յուզում,  ոչ մէկ տագնապ կը մատնէին.  ամենայն ինչ կ՚ընթանար հեշտ ու խաղաղ: Այո, հեշտ ու խաղաղ, որովհետեւ անոնք, առ տգիտութեան իւրեանց,  չէին անդրադառնար,- եւ ինչպէ՞ս անդրադառնային,- այն ահաւոր ծուղակին, որուն մէջ կը գտնուէինք հաւաքաբար:
Ուրեմն քանի մը օր առաջ  միայն, չես գիտեր ի՛նչ զուգադիպութեամբ, տեղ մը  կարդացեր էի, որ «եթէ պատահի, որ էջքի պատրաստուող  օդանաւ մը խանգարում  ունենայ եւ անոր անիւները դուրս չգան օդանաւի որովայնէն, օդաչուն կը սկսի ամուլ թռիչքներ կատարել  օդակայանին վերեւ, մինչեւ որ բոլորովին սպառէ իր վառելանիւթը եւ ապա միայն փորին վրայ կ՚իջնէ՝ չոր ընդունարանով,- ֆրանսերէն դարձուածքն  է՝ Ո sec,- զգալիօրէն նուազեցնելով  հաւանական կորուստները»:
Սա ակնյայտօրէն մեր պարագան էր:
Եւ հիմա, ահա, այդ ամուլ թռիչքները կը կատարէր այս օդանաւը:
Եւ ճիշդ ա՛յս է, որ կ՚անգիտանային հէգ բախտակիցներս:
Անդրադարձայ, որ տակս  կային փուշեր, որոնք կ՚արգիլէին հանգիստ նստիլ:
* * *
Ետիս դարձայ ու քայլ մը անդին տեսայ ուղեկցուհի մը (hostess), որ անտարբեր շուրջը կը դիտէր: Նշան ըրի՝ խնդրելով որ մօտենայ, եւ ան ընդառաջեց  սիրալիր ժպիտով  մը: Իրեն պատմեցի ամբողջ գիտցածս ու պարզեցի տագնապներս:
Ուղեկցուհին ունեցաւ  քրքջալու անզուսպ փափաք մը եւ չխանգարելու համար շրջապատը՝ ափովը ծածկեց բերանը եւ ուղղուեցաւ դէպի օդանաւին յետսամասը, ուր կանգնած էր ուղեկցորդ մը (stewart): Պատմեց անոր,- կ՚ենթադրեմ,- ըսածներս, եւ  անոնք միասնաբար ուղղուեցան դէպի ինծի:
Երիտասարդը շատ կիրթ, ժպտագին ու համոզիչ շեշտով մը բացատրեց, որ  օդակայանի պաշտօնեաները անակնկալ գործադուլ մը յայտարարած են,- չվարանեցաւ աւելցնելու՝ «ասոնք սովորական բաներ են,  մանաւանդ ծանօթ պէտք է ըլլաք ֆրանսացի բանուորին հակամէտութեան ու տկարութեան գործադուլի հանդէպ»,- սակայն քանի մը վայրկեանէն կարելի պիտի ըլլայ իջնել:
Եւ իրօք ալ «քանի մը վայրկեանէն» իջանք  Orly  կոչուած  օդակայանը:
Ամէն ոք գոհ էր, շատ գոհ էի ինքս ալ, սակայն կ՚անգիտանայի, թէ ուրիշ փորձանք մըն ալ վարը՝ ցամաքի վրայ  կը սպասէր ինծի:  Է՜հ, ինծի չսպասէր ալ, հապա որո՞ւ սպասէր:
* * *
Այն տարի շատ նորոյթ էր ճամբորդական պայուսակի  նոր տեսակ մը, որ շինուած էր տոկուն կերպասէ մը, որուն մութ խորքին վրայ նկարուած էին  գունաւոր քառակուսիներ: Ան ծանօթ էր  Scotch  անունով, որուն լաւագոյն մասնագէտներէն մէկն ալ թաղեցի մըն էր, որ նախկին Ազիրեան ակումբը  վերածած էր գործարանի: Անկէ ալ կատարեցի գնումս, մանաւանդ որ գինն ալ շատ յարմար էր: Այս պայուսակները ունէին անպատեհութիւն մը, որուն չէի կրնար անդրադառնալ.  մէկուն բանալին կրնար բանալ միւսն ալ:
Ուրեմն օդանաւէն իջնելով՝ մտայ  պահեստանոց, առի պայուսակս եւ ուղղուեցայ դէպի ելքը,  ուր կը գտնուէին երկու դուռեր. մէկուն ճակատին գրուած էր Declarer, միւսին՝   Rien Ո declarer: Եւ ուղղուեցայ դէպի այս վերջինը, որովհետեւ ոչինչ ունէի՝ շաբթուան մը փոխնորդներէս բացի: Միայն թէ ազատ  ձեռքիս ունէի ծաղի խաւաքարտէ պզտիկ տուփ մը:
Այնտեղ կը գտնուէր ոստիկան մը, որ գրեթէ ոչինչ կ՚ընէր, ոչ մէկուն ընտրութեան կը միջամտէր, բայց ահա զիս տեսնելով՝ մօտեցաւ եւ «ի՞նչ ունիս այս տուփին մէջ» հարցուց խստութեամբ մը, որ բնաւ ակնկալելի չէր դէմքին ձգած առաջին տպաւորութենէն:
-Douceurs orientales (արեւելեան անուշեղէն),- եղաւ պատասխանս:
Հրամայեց բանալ: Ու քանդեցի տուփին հանգոյցը:
Քննեց, հոտուըտաց, ապա դէմքիս նայեցաւ,  վերստին հոտուըտաց  եւ նոյն շեշտով հրամայեց վերցնել:
Առաջարկեցի համտեսել, ինչ որ բացարձակապէս մերժեց:
Կը պատրաստուէի հեռանալ, երբ մէկ ալ հարցուց, թէ ի՛նչ ունէի պայուսակիս մէջ:
-Ոչինչ, շաբթուան մը փոխնորդներս միայն,- եղաւ պատասխանս:
Հրամայեց բանալ զայն:
Այնտեղ կար մօտաւորապէս երկու մեթր տրամագիծով ու կէս մեթր բարձրութեամբ թումբ մը, որուն վրայ,- կռահեցի,- տեղի կ՚ունենային ստուգումները: Իմ կարգիս դրի պայուսակս վրան ու բացի զայն: Այդ բանալս էր…
Ես՝ ոստիկանէն աւելի, ոստիկանը՝ ինձմէ աւելի շշմած կը դիտէինք  «պայուսակիս» պարունակութիւնը, որ բնաւ ալ չէր համապատասխաներ իմ յայտարարած «քանի մը փոխնորդիս»: Փոխարէնը ան կը յորդէր կանացի ներքնազգեստներով, հագուստներով, փէշերով, կրծկալներով, անուշահոտի սրուակներով, մէկ խօսքով՝ կանացի պիտոյքներու շարժական առձեռն  տօնավաճառ մը:
-Ինչպէ՞ս կը բացատրես այս  «փոխնորդները»,- հեգնական հարց տուաւ ոստիկանը՝ ձեռքի գաւազանով խառնշտկելով  պայուսակին պարունակութիւնը:
-Չեմ գիտեր,- հակադարձեցի՝ սակայն շատ  արագ ալ անդրադարձայ, թէ պէտք է ուրիշի մը պայուսակը առած ըլլամ սխալմամբ: Ու հայցեցի ներողամտութիւնը:
Ասոր վրայ՝ ան կատարեց ստուգումը թիւերուն, որոնք կցուած էին տոմսիս ու պայուսակին եւ որոնք չէին համապատասխաներ իրարու:
Շունչ մը առի ու վերադարձայ պահեստանոց, այս անգամ՝ տեղւոյն վրայ հաստատելով, թէ ճիշդ իմ պայուսակս էր ընտրածս եւ գոհունակ ուղղուեցայ ոստիկանին, որ ստուգեց   միայն  թիւերը, ապա «անցիր» ըսաւ՝ առանց պայուսակս բանալ տալու:
Եւ անցայ:
Եւ այնուհետեւ, ահա տասնամեակներ շարունակ,  բաց չեմ թողած առիթը՝ հարց տալու,  թէ ի՛նչ պիտի ըլլար հակազդեցութիւնս, եթէ ոստիկանը չստուգէր ձեռքիս պայուսակը, եւ ես կէս գիշերին, յոգնած ու դադրած, հասնելով պանդոկ,  լոգանք մը առնէի ու  ապա  դիմէի պայուսակին՝ փոխնորդ մը ունենալու համար…:
Իսկ ինչպէ՞ս չմտածէի կացութեանը մասին նաեւ այն  միւսին, որ իմ պայուսակիս պիտի դիմէր՝ գոհացնելու համար ի՛ր կարիքները:
Արմենակ Եղիայեան