Յունուար 2011-ին, նախքան Սուրիոյ քաղաքացիական ցաւալի պատերազմին բռնկումը, երբ շատեր պիտի համաձայնէին ըսելու, թէ երկիրը հասած էր իր վերջին երկու տասնամեակներու տնտեսական բարձրագոյն զարգացումներուն, ընտանեօք ԱՄՆ փոխադրուեցայ, ստանձնելու համար hովուական նոր պաշտօն մը եւ նոյն ատեն իրականացնելու նոր մասնագիտութիւն մը ձեռք բերելու երազանքս։ Մարտ 2011-ին սկսաւ Սուրիոյ քաղաքական անկայունութիւնը, իսկ մնացեալը արդէն դառն պատմութիւն է, որուն վերջնական աւարտին յոյսով կը սպասենք։
Ինծի համար մասամբ դիւրընկալելի էր մշակոյթի փոփոխութիւնը, քանի որ հովուական ծառայութեանս բերմամբ արդէն ենթագիտակցութեանս մէջ սովորական դարձած էր տեղափոխութիւններու գաղափարը ամէն անգամ որ նոր դաշտի եւ նոր առաքելութեան մը կանչուած էի։ Թէեւ փոփոխութեան մարտահրաւէրը իրական էր, սակայն Աստուծոյ օգնութեամբ ընտանիքս եւ ես կարողացանք ընտելանալ մեր նոր միջավայրին։
Այսքանը մեր կեանքի նոր փուլին մասին, սակայն սրտիս մէջ տակաւին կը մնան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպ քաղաքի 40 տարիները եւ անոնց ընթացքին մէջս արմատացած յիշատակները, բարեկամութիւնները եւ հոգեմտաւոր ժառանգները, որոնք դարձած են ինձմէ բաժին մը։ Թերեւս ալ այս է պատճառը, որ կը մղէ զիս գրի առնելու յուշերուս մէկ մասը, ո՛չ թէ կարգ մը ընկերային կորուստներ սգալու, այլ ընդհակառակը՝ անոնց մէջէն վեր առնելու եւ ընդգծելու բոլոր այն տեղերը, ժամանակները եւ մարդիկ, որոնք յատուկ դեր ունեցած են այսօրուան իմ կայացմանս մէջ։  Թերեւս նախակրթութեանս օճախը՝ Վարդանանց Լոյս վարժարանը պիտի ըլլար այս յուշերուն սկզբնակէտը։
Նախքան 2011, Հալէպի Նոր Գիւղ գաղթօճախի հիւսիսային սահմանին եւ «Պոսթան Փաշա» թաղամասին յարակից, պիտի հանդիպէիր հսկայ համալիրի մը, որ անցեալին կը ճանչցուէր որպէս Վարդանանց վարժարան եւ կամ ըստ տեղական ժողովրդական անուանակոչումին՝ Ճիզվիթներու դպրոցը։ Այդ անունը կը կրէր քանի որ 1936 թուականին հաստատուած էր Յիսուսեան Հայրերու Միաբանութեան կողմէ նախ որպէս Ignatius Layola-ի անուան վարժարան, իսկ հետագային՝ 1950-ականներու կէսերուն, տնօրինումը յանձնուելով ազգովին հայ Յիսուսեան Հայրերու, դարձած էր լիովին հայկական։ Իմ դպրոց յաճախած տարիներուն՝ 1973-1982, վարժարանը կը տնօրինուէր Հայր Յարութիւն Ճապուրեանի (այժմ վախճանեալ) եւ կամ մեր մանկապատանեկան բառամթերքով՝ «վարդապետին» կողմէ։ Իմ նախնիներէն լսած եմ, որ վարժարանի տեսուչներու ցանկին մէջ նաեւ եղած են՝ հայր Սահակ Քեշիշեան եւ ուրիշ միաբաններ։
1936-1967 տարիներուն, վարժարանը ապրած է բեղուն կեանք մը եւ ճանչցուած է որպէս կրթական բարձրորակ դպրոց, ի մասնաւորի ֆրանսերէնի տիրապետման կեդրոն։ Սակայն 1967-ին, մերժելով երկրի պարտադրած այն պայմանը, թէ համայնքապատկան վարժարաններէ ներս պէտք էր կիրարկուէր պետական ուսումնական ծրագիր, այլ վարժարաններու նման Վարդանանցն ալ կը փակէ իր դռները։
1973-ին դպրոցը կը վերաբացուի, սակայն դժբախտաբար չի կրնար վերագտնել իր անցեալի փայլքը, մինչեւ որ 1992-ին վերջնականապէս կը լուծարուի եւ համալիրի գործածութիւնը կը տրամադրուի այլ նպատակներու համար ինչպէս՝ Զմմառու Միաբանութեան նորընծայարանի եւ յատուկ կարիքներով մանուկներու խնամատարութեան ցերեկային կեդրոնի։ 2013-էն ետք, համալիրը կը գրաւուի ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ եւ դժբախտաբար անոր մեծ մասը կը քանդուի շուրջը տարուած հրթիռարձակումներուն եւ պայթումներուն պատճառով։
Յուշերս կը տանին զիս մինչեւ 1973, դպրոցի վերաբացման առաջին տարին, երբ ես ու մեծ եղբայրս կը սկսինք յաճախել այս նոր վարժարանը։ Մեծ մարտահրաւէր էր գրասեղաններու ետեւ վերստին նոր աշակերտներ բերել։ Հայր Ճապուրեան յատուկ աշխատանք կը թափէ, որպէսզի նոր աշակերտութիւն ներգրաւուի այս նոր փուլին։ Որպէս գթասիրտ եւ ուխտեալ միաբան մը, ան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ լուսանցքէ դուրս մնացած եւ ուսումնական իմաստով ետ մնացած մանուկներու, նիւթապէս համեստ պայմաններու մէջ տառապող ընտանիքներու եւ ընկերային այն բոլոր խաւերուն, որոնց զաւակները մատչելի թոշակով կրթութեան առիթներու պէտք ունէին։
Մանկապարտէզի դաստիարակներս եղած են իմ եւ սերնդակիցներուս մատղաշ նկարագիրներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնող առաջին հերոսները։ Թերեւս բողբոջ դասարանը վարժարանին գեղեցկագոյն դասարանն էր, իր ընդարձակ տարածութեամբ, պատերուն վրայ «Պետիկն ու Գայլ»ին պատկերազարդ նկարներով եւ մեծ լուսամուտներով։ Դասարանը ունէր իր սովորական դուռը, սակայն եւ այնպէս երկրորդ մըն ալ՝ իր պալատական սանդուխներով, որ մեր դասարանը առանձնայատուկ կը դարձնէր միւս աշակերտներու դասարաններուն հետ համեմատած։
Վարդանանցի մանկապարտէզի աշակերտ ըլլալու մէկ այլ առաւելութիւնը այն էր, որ դպրոցը ունէր բառին բուն իմաստով իր յատուկ պարտէզ-զբօսավայրը, ուր, ըստ իմ յիշողութեան, շաբաթը երկու անգամ մէկս միւսին կապոյտ գոգնոցներուն քղանցքները բռնած, կ՚ուղուէինք համալիրի հիւսիսային կողմը գտնուող պարտէզը։ Կ՚անցնէինք երկաթեայ կանաչ դուռէն, մուտք կը գործէինք աղիւսեայ պատի մը մէջի բացուածքէն եւ առիթը կ՚ունենայինք խոտին վրայ նստելու, անթիւ «ապրիմ-չապրիմ»ներ քաղելու, «Ես Կը Խաղամ Անտառին Մէջ» բեմադրելու, անպայման «Պզտիկ Սառայիկ»ը ըլլալու եւ աւարտին՝ օրդ. Արփիին, օրդ. Ճոզեֆինին եւ կամ օրդ. Զուարթին կողմէ պատմութիւններ մտիկ ընելու։
Շուտով ես ինծի կը գտնեմ մանկապարտէզի աւարտական հանդէսի բեմահարթակին վրայ ու ձեռքս կը բռնեմ խորհրդանշական վկայական մը, որ կը ներկայացնէր ո՛չ միայն իմ կրթական տարրական գիտելիքներուս վաւերագիրը, այլեւ բոլոր այն դաստիարականերուն ցանած բարի ու ազնիւ հունտերը իմ նկարագիրին ու հոգիին մէջ։
Նախակրթարանի աշակերտ ըլլալուս հետ յառաջ եկան շատ մը մարտահրաւէրներ, սակայն նաեւ՝ առանձնաշնորհումներ։ Դրական բաներէն մէկը մեր խաղավայրերու կարողական տարածքի ընդլայնումն էր, անշուշտ եթէ մեզմէ բարձր աշակերտները բարեհաճէին։ Մտապատկերիս մէջ վարժարանը ունէր զբօսանքի չորս խաղավայրեր։ Մին՝ արեւմտեան դաշտը, որ ունէր պասքեթպոլի երկու ցողեր, անոր կից կար երդիքով կիսափակ խաղավայր մը, ուր դպրոցի բոլոր աշակերտները կը մէկտեղուէին անձրեւոտ օրերու զբօսանքի ատեն: Երրորդը՝ դպրոցի հիւսիսարեւելեան բաժինն էր, ուր նախակրթարանի վերի դասարաններու աշակերտներ զանգէն յետոյ կը շարուէին դասարան ուղղուելու համար, իսկ վերջինն ալ վարժարանի ֆութպոլի հողային դաշտն էր։ Մանկութեանս օրերուն կը յիշեմ որ այդ դաշտը աւելի ընդարձակ էր, սակայն 1980-ին, դպրոցի նիւթական կարելիութիւնները ընդլայնելու համար, այդ դաշտի մէկ բաժինը մասնահատուեցաւ եւ նոր բնակարաններու ու գործատեղիներու հասութաբեր ծրագիրի մը յատկացուեցաւ։
Կը յիշեմ բոլորիս համար տարօրինակ էր տեսնել թէ այդ օրերուն մեր հողէ տարածքը ինչպէ՛ս փոքրացաւ ու տեղը ասֆալթապատ սահմանափակ դաշտ մը ունեցանք։ Որպէս ֆութպոլասէր պատանիներ, մէկ կողմէն կ՚ուրախանայինք որ այսուհետեւ մեր գնդակները ալ փողոց պիտի չերթային, սակայն միաժամանակ վա՜յ եկեր էր մեր ծունկերուն եւ արմուկներուն, եթէ յանկարծ այդ տաք ասֆալթին վրայ իյնայինք։ Հետաքրքրական էր պատանեկան մեր այդ տրամաբանութիւնը, որ նախքան շինարարութիւն, երբ մեր գնդակները փողոց գլտորէին, պահ մը բոլոր խաղացողները լուռ կը քարանային, քանի մը երկվայրկեան իրենց շունչը կը բռնէին եւ կը սպասէին թէ արդեօք պայթիւն պիտի լսէի՞ն յանկարծ՝ եթէ այդ խեղճ գնդակը ինքզինք գտած ըլլար բեռնատարի մը անիւներուն տակ։ Եթէ ձայն չկար, ուրեմն ամէն բան ապահով էր։ Ապա, միայն վարդապետին կողմէ յատուկ նշանակուած անձիք էին, որոնք կրնային դուռը բանալ եւ գնդակը փնտռելու համար դուրս ելլել, յաճախ ալ տեսնելով որ փողոցի անկիւնը գտնուող սրճեփի կրպակին տղաքը արդէն գնդակը «ազատած» էին։
Զբօսանքին առնչուող այլ յիշատակ մը կ՚երթայ նախակրթարանի վերջի երկու տարիներուս։ Չեմ գիտեր թէ ինչքա՛ն վաղեմի էր սովորութիւնը, սակայն իւրաքանչիւր զբօսանքի, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի տղաքը ֆութպոլի շարունակական մրցումի մը մէջ կ՚ըլլային, այսինքն՝ խաղը կ՚ընդհատուէր զանգին հետ ու կը շարունակուէր յաջորդ զբօսանքին եւ կամ օրերուն։ Մրցումը կ՚աւարտէր միայն երբ որեւէ խումբ 100-րդ կոլին հասնէր, ապա նոր խաղ մը կը սկսէին։ Սա մեծ իմաստ ունէր մեզի պէս տաքարիւն պատանիներու համար, որպէսզի միւս դասարանին փաստէինք մեր յաղթելու կարողութիւնը։ Բնականաբար, զանգէն յետոյ, դասարան ուղղուելու շարքերուն մէջ իսկ, կարմրած երեսներով եւ կոճակազուրկ գոգնոցներով, յաճախ կը շարունակէինք վէճերու, ջղագրգռութեան եւ վրիժառութեան երկխօսութիւնները եւ սպառնալիքները։
Զբօսանքը կը սպասէինք որ նաեւ մեր սոված ստամոքսները լեցնէինք։ Ցարդ ինծի համար առեղծուած է, թէ ինչպէ՛ս մեր ստամոքսները երբեք չէին գանգատեր ամէն օր պըղպեղի մածուկով եւ կամ ծոթրինով յագենալէն։ Բայց ի՞նչ ընենք, այդ էր սովորութիւնը եւ մանաւանդ տան խոհանոցներու մէջ գտնուածը։ Թերեւս ալ բաւարարուելու չափանիշները տարբեր էին։ Իսկ եթէ պատահէր որ քիչ մըն ալ դրամով դպրոց երթայինք, անպայման կը խճողուէինք «Աբրահամ հայրիկ»ին կրպակի պատուհանին առջեւ, որ տաքցուած բոքոն հացով ու «սէլի» տուրմով մեր քիմքերուն քիչ մը շոյանք տայինք։ Հետագային կարգ մը դասընկերներէ լսած եմ, որ վարդապետը, նշմարելով կարգ մը կարիքաւոր աշակերտներու կրպակէն հեռու մնալը, յաճախ զանոնք իր մօտ կանչելով անոնց ձեռքերուն մէջ փոքր լումաներ կը դնէր, որ անոնք ալ գնում կատարէին ու երբեք զրկուած չզգային։
(շարունակելի)
Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան
Փասատենա, ԱՄՆ