Երբ պատանի էինք, ունէինք ուսողութեան իմաստուն ուսուցիչ մը, որ մեզի սորվեցուց նաեւ ճատրակ խաղալ: Մեր ընկերներէն մէկը շուտով ընկալեց խաղին գաղտնիքները: Անկարելի էր «վարպետ»ին յաղթել: Ունէինք նաեւ կատակասէր, չարաճճի ընկեր մը, որ կը խիզախէր մրցիլ վարպետին դէմ, սակայն երբ զգար, որ դիրքերը տկարացած են ու պիտի պարտուի, «կարծեմ այս տախտակին տակը թուղթ մը ձգած էի» ըսելով՝ ճատրակի խաղատախտակը կը վերցնէր, տակն ու վրայ ընելով բոլոր քարերը եւ… կը խուսափէր (կը ձեւացնէր) պարտութենէ: Կատակը կ’ընկալէինք խնդուքով: Ի վերջոյ, աղէտ չէր պատահածը, խաղին ելքը յստակ էր դիտողներուս համար: Քիչ ետք, նոր մրցում մը կը սկսէր, հաւանական նոյն ելքով…

Ճատրակի մրցակից ընկերներս յիշեցի երկու օր առաջ, երբ հաղորդուեցաւ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 18 Մարտին յայտարարեր է, որ 20 Յունիսին կանխահաս ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Այսինքն, ան փորձ ըրած է խաղատախտակը վերիվայր շրջելու եւ ամիսներէ ի վեր շարունակուող «ճատրակի խաղը» նոր կէտէ մը սկսելու: Սա տեղի կ’ունենայ այն փուլին, երբ ահա մօտաւորապէս 6 ամիսէ ի վեր, Հայաստան-Արցախի հետ ամբողջ հայութիւնը կ’ապրի մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն դաժան իրականութիւնները:

Փորձենք քիչ մը առարկայական եւ քննական մօտեցումով կանգ առնել կանխահաս ընտրութիւններու որոշումին եւ անով բացուած «սակարաններ»ուն առջեւ, տեսնելու՝ թէ Հայաստան ու անոր քաղաքական կեանքը ի՞նչ ուղղութիւն(ներ) ստանալու սեմին է, անկախ այն հարցականներէն, թէ ընտրութիւնները կրնան տեղի ունենա՞լ, թէ՞ ոչ:

 

ՔԱՆԻ ՄԸ ՔԱՅԼ ԵՏ

Սկսելու համար, 20 Յունիսի հաւանական հանգրուանը դիտելու համար քանի մը քայլ ետ երթանք: Ո՛չ, պէտք չունինք հասնելու մինչեւ Արցախեան Շարժումի մեկնակէտը: Երթանք միայն մէկ-երկու տարի ետ, որպէսզի տեսնենք, թէ սկսածը շարունակուող հոլովոյթի մը մէկ նորագոյն օղակը պիտի ըլլայ:

Ապրիլ 2018-ին, Հայաստան թեւակոխեց նոր փուլ մը: Սերժ Սարգսեանի տապալումով, իշխանութեան ղեկը անցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ գործակիցներու խմբակին: Իշխանափոխութիւնը տեղի ունեցաւ ըստ օրինի. հրաժարական, վարչապետի առաջադրում, ընտրութիւն, նոր կառավարութիւն: Յետոյ, երբ ամէն մարդ հանգիստ-հանգիստ կը պատրաստուէր խորհրդարանական ընտրութիւններուն, նոր իշխանութիւնը, «երկու ոտքը մէկ փապուճի մէջ» վիճակ ստեղծելով, արագացուց ընտրութեան գործը եւ ձեռք բերին աթոռներուն մեծ մասը: Յաջորդ ամիսներուն, վարչապետն ու խմբակիցները ձեռնարկեցին իշխանութեան տարբեր ոլորտները իրենց ենթարկելու արշաւներու, որոնք այլապէս բնական երես մը ունէին, որովհետեւ բոլոր իշխանաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն սա կամ նա ձեւով: Բարեփոխումի խոստումները չիրականացան, եղածը չանցաւ նուազագոյնի սահմաններէն շատ անդին: Դժգոհութեան բաժակը սկսաւ լեցուիլ: Դատական համակարգին կարգաւորման դրօշին տակ, տարի մը առաջ հրապարակ եկաւ սահմանադրական հանրաքուէի ծրագիրը, որ աւելի եւս սրեց «սեւի»-«սպիտակ»ի, «հինի»-«նորի» եւ նման «դասակարգումներով» ստեղծուած պառակտումները: Վրայ հասաւ Պսակաւոր համաճարակը, որուն հանդէպ իշխանաւորներու սկզբնական արհամարհանքը ճամբայ բացաւ նոր աղէտին, սակայն նաեւ պատճառ դարձաւ, որ հապճեպ հանրաքուէի ծրագիրը ջուրը իյնայ, առանց նպաստելու հակադրութեանց մեղմացումին: Ի վերջոյ, Յունիս 2020-ին, պայթեցաւ քաղաքական ռումբ մը, երբ Բարգաւաճ Հայաստանի ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան հրապարակ եկաւ կառավարութեան հրաժարակապի պահանջով, յայտարարելով, որ իշխանութիւնը երկիրը կը տանի անկունէ անկում: Հակադարձութիւնը չուշացաւ, Ծառուկեան «արտաքսուեցաւ» խորհրդարանէն եւ անցաւ հետապնդուողներու ցանկին:

Յետոյ, պայթեցաւ բուն աղէտը՝ 44-օրեայ պատերազմը: Մօտաւորապէս մէկ ու կէս ամիս, ամբողջ հայաշխարհը անձկութեամբ հետեւեցաւ բախումներուն, խրախուսանք ապրեցաւ ի լուր ամէն օր կրկնուող «պիտի յաղթենք»ին: 10 Նոյեմբերին, հայութիւնը աչքերը բացաւ ահաւոր անակնկալով մը. պարտութիւն, մարդկային եւ մանաւանդ հողային հսկայական կորուստները: 44 օր շարունակ խաբէութեամբ կերակրուած էինք: Մնացեալը՝ արդէն ծանօթ պատմութիւն է: «Յանցաւորը հիներն են» յանկերգը կրկնուեցաւ ու կը կրկնուի շարունակ («հիներ»ուն կարելի չէ անպարտութեան անբիծ վկայական շնորհել), իսկ չոր իրականութիւնը նոր մակարդակի հասցուց դժգոհութեան ալիքը, մարմնաւորեց «Հայրենքի փրկութեան շարժում»ը, որուն բարձրացուցած՝ անյապաղ իշխանափոխութեան եւ իսկական յանցաւորները պատասխանատուութեան կանչելու կոչերը արձագանգ գտան նախագահ(ներ)էն մինչեւ կաթողիկոսներ, մասնագէտներ, արուեստի ու միտքի մարդիկը, ժողովրդային լայն հատուածներ:

Եթէ այս քանի մը կարճ ետ-քայլերէն ետք, ցատկենք-հասնինք այսօրուան, դժուար չէ տեսնել, որ հապճեպով կանխահաս ընտրութիւններու երթալու խաղը  կը նմանի ճատրակի տախտակը տակն ու վրայ ընելու փորձի մը, մանաւանդ որ…

 

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՉԷ»

…Կանխահաս ընտրութիւններու յայտարարութեան նախօրեակին, վարչապետն ու գործակիցները քանի մը ոստոստում կատարեցին խաղատախտակին վրայ:

44-օրեայ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, թէ՛ խորհրդարանական եւ թէ՛ արտախորհրդարանական խմբաւորումները մէկ պահանջի շուրջ միաձայն էին. կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի, պէտք է կազմուի ժամանակաւոր՝ անցումային կառավարութիւն, որ մինչեւ մէկ տարի՝ ստեղծէ արդար եւ հաւասարակշռուած ընտրութիւններու բեմը: Այս տեսակէտին համաձայն էին մինչեւ իսկ իշխանութեան մօտիկ դասուած անձեր ու խմբաւորումներ, հասնելով մինչեւ վարչապետին սկզբնական վարպետին՝ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի…:

Կեցուածքներուն ուշադիր հետեւողին ուշադրութենէն չէր կրնար վրիպիլ, թէ պահանջը ունէր որոշ «նրբերանգներ» (չմտնենք մանրամասնութեանց մէջ), որոնք ահա այսօր աւելի յստակ գոյներով կը ներկայանան, այսինքն, կարգ մը զգեստներ ի յայտ կը բերեն իրենց իսկական գոյնը, կարծէք թէ անոնք գունաւորուած էին համբակ ներկարարի մը կողմէ, եւ առաջին փորձաջուրը մեծ չափով կը հեռացնէ աւելցուած գոյն(եր)ը: Հարց կը ծագի, թէ խօսողը դարձեա՞լ մասնակի հաշիւներն են, թէ՞ մարդիկ սկսած են ախորժիլ… խաբկանքէն, մանաւանդ եթէ այս ճամբան պիտի տանի այժմու իշխանութեան վերահաստատմանհոգ չէ թէ տարբեր տարազաւորումով մը:

Փաստօրէն, 20 Յունիս թուականին ճշդումը յաջորդեց մակընթացութիւններու եւ տեղատուութիւններու: Ընդդիմադիրներուն՝ իշխանափոխութեան եւ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու (մի՛շտ անցումային կառավարութեան մը կազմաւորումէն, այսինքն՝ այժմու իշխանութեան հեռացումէն ետք) պահանջին դիմաց, վարչապետը ձեռնարկեց խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական խորհրդակցութիւններու. մէյ մը ըսաւ, որ պէտք է կազմակերպել ընտրութիւններ, յետոյ «ստուգեց», որ ընտրութիւն ընելու պահանջ չկայ, մինչեւ իսկ նորագոյն գրառումին նախօրեակին, ան ու խմբակիցները պնդելով կը պնդէին, թէ ընտրութեան կարիք չկայ, եւ յանկարծ… դիմատետրային որոշումը, որ լոյս աշխարհ եկաւ խորհրդարանական ընդդիմադիրներու պետերուն՝ Էտմոն Մարուքեանի, Գագիկ Ծառուկեանի, ինչպէս նաեւ շատոնց լուսանցք քաշուած կարգ մը միաւորներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներէ ետք: «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը մնաց հանդիպումներէն մեծագոյն բացական, որովհետեւ հաստատ կը մնար իր պահանջներուն վրայ: Մարուքեան ըսաւ, որ ինք արդէն համաձայն էր քուէատուփ երթալու ընտրանքին, թէեւ որոշ փոփոխութիւն բերած էր իր սկզբնական կեցուածքին մէջ (թեկնածու առաջադրել-չառաջադրելու իմաստով), իսկ Ծառուկեան բաւականացաւ ըսելով, որ ընտրութիւնները որքան շուտ ըլլան, այդքան լաւ, թէ՝ ինք ալ արդէն շատոնց իշխանափոխութիւն եւ ընտրութիւն կը պահանջէր…

 

ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Յիշողութեան կորուստէ չտառապողներու համար, խաղին ծալքերը բացուած են:  Առաջին ակնարկով, իշխանութիւնը կը կարծէ ապահոված ըլլալ իր սպասած խաղաքարտերը, որպէսզի կանխահաս ընտրութիւնները իրականանան իր հովանիին տակ, իր ճշդելիք «օրէնքներով», հասնելու համար այն արդիւնքին, որ ցանկալի է իրեն եւ… իր մագնիսական դաշտին մէջ մտնողներուն համար: Եթէ չըլլար պատերազմը, խաղը պիտի դիտուէր իբրեւ բնական բան:

Չենք անտեսեր զանազան մեկնաբանութիւնները, որոնք ծայր տուին գրառումէն ետք: Արձանագրենք մէկ քանին: Ըսուեցաւ, թէ Փաշինեան ի վերջոյ տուած է կանխահաս ընտրութեան որոշումը, տեսնելով, որ ընդդիմադիրներու յարաճուն ճնշումը այլ ելք չի ձգեր: Ուրիշներ պնդեցին, որ կանխահաս ընտրութիւն չի կրնար տեղի ունենալ նման կարգադրութեամբ, որովհետեւ կայ կարգ ու օրէնք, կայ Սահմանադրութիւն, որուն պայմանները յարգելու մասին կը խօսին բոլորը: Այս տեսակէտը յառաջ հրողներ կը շեշտեն, որ վարչապետին գրառումը բաւարար չէ, օրինական չէ, որովհետեւ (ինչպէս եղաւ վերջին իշխանափոխութեան պարագային), վարչապետը նախ պէտք է հրաժարական տայ, յետոյ, խորհրդարանը չկարենայ նոր վարչապետ ընտրել աւելի քան մէկ շաթբուան ժամանակամիջոցին, խորհրդարանը ինքնաբերաբար լուծարքի ենթարկուի եւ նախագահական որոշումով՝ ճշդուի ընտրութիւններու թուականը: Մինչդեռ, իր գրառումով, վարչապետը ամէն օրէնք եւ ընկալեալ կարգ մէկդի ձգած է եւ ընտրութիւններու ճակատագիրը կ’որոշէ ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրաւ նախընթաց բազմաթիւ հանգրուաններու, նոյնինք պատերազմի օրերուն, անոր աւարտը ազդանշող գաղտնի համաձայնագիրով եւ անկէ ետք:

Ի՛նչ ալ որ ըլլան մեկնաբանութիւնները (շարքը չերկարենք), կարելի չէ անտեսել այն իրականութիւնը, որ վարչապետն ու իր գործակիցները ահաւասիկ մօտաւորապէս երեք տարիէ ի վեր կ’որոշեն եւ գործի կ’անցնին, մինչեւ իսկ եթէ իրենց քայլերը ըլլան սահմանադրութեան եւ այլոց կարծիքներ անտեսող:

Այստեղ կ’արժէ հպանցիկ արձանագրել քանի մը կէտ, հարցում, որոնք այլապէս արժանի են լայն քննարկումի: Ի՞նչ պատահեցաւ քանի մը օրուան մէջ, որ Փաշինեանի հետ հանդիպում ունենալու գծով վերապահութիւններ ունեցող Ծառուկեան մը յանկարծ որոշեց երթալ հանդիպումի եւ լռելեայն համաձայնիլ, որ ընտրութիւնները տեղի ունենան վարչապետին հասկցածին պէս (թէեւ հոս յաւելեալ յստակացումի սպասում կայ): Ընդունինք, որ ան շատոնց յայտարարած էր, թէ կանխահաս ընտրութիւնները անխուսափելի են: Կայ նաեւ Արթուր Վանեցեանի եւ անոր ստեծած «Հայրենիք» կուսակցութեան պարագան: Վանեցեան եւս կը պատրաստուի կանխահաս ընտրութիւններուն, յայտնապէս վարչապետին պատկերացուցած պայմաններուն մէջ (բացի եթէ ան նոր յստակացում բերէ իր կեցուածքին մէջ): Յստակացում կը սպասուի նաեւ մեկուսի մնացած միաւորներէ:

Այժմու պատկերով, յստակ է, թէ առաջադրուած ընտրութիւնները պիտի ըլլան մէկ տարբերակը այն հապճեպ ընտրութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան իշխանափոխութենէն քանի մը ամիս ետք:

Այլ էական հարցում մըն է հետեւեալը (այս մասին բնականաբար չի խօսիր ոեւէ մէկը, որեւէ կողմ): Արդեօք «արտաքին» ի՞նչ նշաններ տրուած են Հայաստանի քաղաքական բեմի վարագոյրին ետեւէն, որ այսպէս՝ հապճեպօրէն խաղաքարտերու բացում-վերադասաւորում տեղի կ’ունենայ: Այս կէտն ալ վաղը կրնայ երկար-բարակ մեկնաբանութիւններու դուռ բանալ: Անհաճոյ նախաճաշակ մը ծագեցաւ, երբ կարգ մը մեկնաբաններ նշեցին, որ ընտրական բեմին պատրաստութեան մէջ, դերակատար են… Թուրքիա եւ իր «եղբայրը»՝ Ազրպէյճան: Վաղը, մեծ ու փոքր այլ դերակատարներ ալ կրնան մատնանշուիլ: Յետ-պատերազմեան իրողական (հայութեան համար վնասակար) իրավիճակը նուիրականացելու ընթաք մը կը տեսնուի այս բոլորին մէջ:

 

ՆՈՐ ՀԵՐԻՍԱՅԻ ԿԱԹՍԱՅ ՄԸ

Վերջին քանի մը օրերու պատկերով, Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ ստեղծուած է վիճակ մը, որ կը յիշեցնէ… Խրիմեան Հայրիկն ու «Հերիսայի կաթսա»ն, այն տարբերութեամբ, որ բաշխուելիքը հերիսայ չէ, այլ… նոր խորհրդարանին աթոռները: Իբրեւ խոհարար, հանդէս կու գայ վարչապետը, որ կ’աշխատի հին-նոր գործակիցներ դասակարգել:

Սակարանը կը զարգանայ քանի մը գիծի վրայ: Ընտրութիւնները կազմակերպել այժմո՞ւ օրէնքով, թէ ընտրական օրէնքի բարեփոխութեամբ: Ինչպէ՞ս պատրաստուիլ ընտրութիւններուն: Սիւնիքի մէջ ծնունդ կ’առնէ նոր կուսակցութիւն մը, որ կ’ուզէ ընտրապայքարի մասնակցիլ: Զրոյցներ շրջան կ’ընեն, որ «Իմ Քայլ»ին մէջ իսկ երկփեղկում ստեղծուած է, ընտրութեանց ո՞ր օրէնքով կատարման հարցին շուրջ: (Վաղը այլ տեղեր ալ բաժանումներ կրնան ծագիլ):

Եւ անշուշտ կայ այլ հարցական մըն ալ. կա՞ն «արտաքին» խոհարարներ…

 

ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ «ՍԱԿԱՐԱՆ»

Եթէ ընտրական օրակարգը տիրական դառնայ (նախանշանները այդպէս են), երկիրը պիտի կլանուի «քուէի որսորդութեան» դաշտին մէջ: «Հին-նոր» պիտի չմնայ, բոլորը պիտի որդեգրեն նոյն խաղը, հին-նոր օրէնքներով: Փաշինեանի Արագածոտն այցելութիւնը՝ շաբաթավերջին, դիտուեցաւ իբրեւ ընտրապայքարի մեկնարկ: Հաղորդուեցաւ, որ նահանգներու մէջ եւս ի նպաստ իշխանութեան՝ ընտրական արշաւի քայլերը սկիզբ առած են:

Հետեւա՞նքը: Պարզ է, չէ՞: Երբ տիրապետող է ընտրական օրակարգը, բոլոր միւս հարցերը կը քշուին լուսանցքի վրայ, կը դառնան երկրորդական, կամ, լաւագոյն պարագային, վառելանիւթի կը վերածուին… քարոզարշաւներու:

Թուենք քանի մը հարց, որոնք պիտի մատնուին «մոռացութեան» (կամ վերածուին ընտրական խաղաքարտի): Առաջին հերթին՝ Արցախի հողերուն կորուստը, գերիներու, կորսուածներու, քանդումներու, Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն հաշիւ(ներ) պահանջելու, գերիներու հանդէպ ոճրային վարմունքի, Սիւնիքէն պատառիկներու կորուստի, սահմանագծումի, այլ հաւանական կորուստներու թղթածրարները: Եթէ արդէն ուղղակի կամ անուղղակի պատգամներ կը տրուին, թէ՝ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը անփոփոխելի է, անոր ճշդուած «ուղեգիծէն» շեղելու մտածումն իսկ պէտք է անցեալի տոպրակին մէջ ձգել, հաւանաբար քարոզարշաւներու մէջ լսուի, թէ պէտք է ուրախ ըլլանք, որ կարելի է… ուխտի երթալ Ամարաս, Դադիվանք, վաղը թերեւս նաեւ Շուշի կամ այլուր, մինչդեռ մեր յուշակոթողներուն փճացումը կը շարունակուի անարգել, լաւագոյն պարագային, դատապարտանքի արտայայտութիւններ կը լսուին-կը մուրանք միջազգային բեմերէ…: (Չէ՞ որ վարժուած ենք ուխտի երթալու նաեւ Աղթամար: Չէ՞ որ հայկական զբօսարշրջային ընկերութիւններ այս իմաստով «պիզնես»ներ բացած էին թուրք արխատաշներու հետ, հիմա ալ ակնդէտ սպասումի մէջ են խոստացուած ապաշրջափակումին):

Մոռացութեան ցանկը կարելի է շարունակել. հայկական «Պոյինկ»ին Իրան հասնելու հարցը, Ծոցի շրջանին մէջ զինական տօնավաճառին գայթակղութիւնը, «Հայաստան» հիմնադրամին փոխանցուած գումարին ճակատագիրը, լրագրողներու վրայ յարձակելու կարգ մը իշխանականներու «հերոսական» արարքները, սպայակոյտի պետին պաշտօնազրկման ու բանակի սպայակոյտի ծանօթ դիրքորոշման ստեղծած փոթորիկները: Չմոռնանք նաեւ, որ շուտով պիտի գան Ապրիլ 24-ը (անցեալ երկու տարիներուն, մեր պահանջատիրութիւնը չես գիտեր քանի՞երորդ յետին դարակը դրուած էր), Մայիս 28-ը: Իսկ տնտեսական եւ ընկերային տագնապներուն թղթածրարնե՞րը…

Հաւանաբար կան մտածողներ, որ ընտրապայքարը կրնայ… հասութաբեր ըլլալ. այսինքն, կուսակցութիւններ դրամ պիտի ծախսեն, «դուրսերէն» ալ կրնայ դրամ հոսիլ: Անկէ անդին, պէտք է սպասել, որ մասնաւորաբար իշխանութեան եւ համախոհներու «զօրակայանէն» հետզհետէ աւելի ուժեղ կերպով հնչեն այն վարկածները, թէ ապաշրջափակումը տնտեսական-ընկերային բարելաւումի խոստումներ ունի, իսկ եթէ ընդդիմադիր ճակատէն յիշեցում կատարուի, որ Հայաստան (որ պտիկ-պտիկ հող կը կորսնցնէ տակաւին) վաղը կրնայ դառնալ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի կամ այլ՝ դրամական կարողութեամբ օժտուածներու իրողական մէկ ենթագաւառը, պիտի յայտարարուի, որ մարդիկ Հայաստանի ժողովուրդին բարգաւաճման դէմ են: Մինչեւ իսկ կրնայ աւելի՛ հզօրանալ բանակին ուղղուած՝ «դաւաճանութեան» մեղադրանքը եւ քարոզուիլ, որ նախկինին պէս բանակի պէտք չունինք, որովհետեւ «խաղաղութեան էջը կը բանանք»: Նոր դար, նոր աշխարհագրութիւն, նոր պատմութիւն…

***

…Եւ Ի՜նչ զուգադիպութիւն: Խորհրդային տարիներուն ալ կ’երգուէր «Եղբայրացան Հայաստան Ազրպէյճան»: Կը հպարտանանք (յառաջ կը քշէինք) այն տեսակէտը, որ խորհրդայիններուն օրով կնքուած՝ Կարսի ու Մոսկուայի դաշնագիրները մեր կամքով չէին, մենք մասնակից չէինք, մինչդեռ հիմա, Երեւանի իշխանութիւնը (արդեօք վաղը կազմուելիք նոր կառավարութի՞ւնն ալ) իբրեւ հայկական լիիրաւ իշխանութիւն պիտի շարունակեն կիրարկել հողերու կորուստին հաշտուելու «գաղափարաբանութիւնը», իսկ մեր անվիճելի պահանջատիրութիւնը պիտի որակեն «հայ-դատական»:

Ընտրութեան եւ այլ մածուններ շատ ջուր կը վերցնեն: Արդեօք վաղը պէտք պիտի ունենա՞նք «սուրճի ֆինճան կարդացողներու»…

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

21 Մարտ 2021