«Արմէնփրէս».-  ՄԻՊ հանրային կապերու բաժինի պետ Նունէ Յովսէփեան դիմատետրի իր էջով գրած է, որ 12 Ապրիլին պատրաստուած է ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի յատուկ յայտարարութիւն Ատրպէյճանի մէջ բացուած այսպէս կոչուած «Պուրակ»ին մէջ արցախեան պատերազմին առնչուող ցուցադրութիւններու  մասին:

«Այս պահուն կ’արձանագենք, որ տեղի ունեցածը կ’ապացուցէ այն, որ մշտապէս յայտարարած է Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը. խաղաղասիրութիւնը մեզի համար բարձրագոյն արժէք է, բայց մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ մեզ թմրեցնեն ատրպէյճանական կեղծ խաղաղասիրութեամբ.  պարզապէս շղարշ է` նախատեսուած միջազգային հանրութեան համար», յայտնած է ան:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 12 Ապրիլին Պաքուի մէջ այցելած էր ղարաբաղեան վերջին պատերազմին հետեւանքով իբրեւ աւար ձեռք բերուած հայկական զրահաճարտարագիտական նորաբաց այգին: Այգին տեղակայուած է 5 հեքթար տարածքի վրայ: Այգիին մէջ ցուցադրուած են հայկական զրահամեքենաները, հայ զինուորներուն պատկանած սաղաւարտներ եւ այլն: