«Արմէնփրէս».-Հայ պատմաբանները բաց նամակ յղած են ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին` 24 Ապրիլին անոր ամենամեայ ուղերձին ցեղասպանութիւն եզրոյթը յստակօրէն տեսնելու ակնկալիքով: Նամակը ստորագրած են Հայաստանի պատմաբաններու միութիւնը, ՀՀ Գիտական Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը, ԵՊՀ պատմութեան բաժինը, ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկը, ՀՊՄՀ պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժինը:
Հայ պատմաբանները նամակին մէջ յայտնած են, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ակնյայտ փաստը անգամ մը եւս գիտականօրէն ապացուցելու նպատակ չեն հետապնդեր: Անհանգստութիւնը կապուած է Թուրքիոյ կողմէն շարունակուող յամառ ժխտողականութեան հետ, որուն համար ծառայած է իբրեւ նորանոր ցեղասպանական գործողութիւններ կատարելու քարթ պլանշ:
«Վերջինը իրականացուեցաւ ինքնորոշուած ԼՂ խաղաղ բնակչութեան հանդէպ` միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու լայն ներգրաւման միջոցով: ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրը նման հզօր անվտանգային համակարգի ընձեռած արդիական արհեստագտական միջոցներու ու ահաբեկչական կառոյցներու կարելիութիւններու համադրումով ԼՂ-ի մէջ կրկին պահեց սերիական մարդասպան, որովհետեւ ժամանակին պատասխան չէ տուած մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուցած իր նախորդ յանցագործութիւններուն համար», ըսուած է նամակին մէջ: Նշուած է, որ փաստացի միջազգային համայնքի վերահսկողութենէն դուրս եկած ու մեծապետական հովերով տարուած Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը ժամանակին չպատժուած ֆաշիստական Գերմանիոյ առաջնորդներուն նման` վտանգ կը ներկայացնէ արդէն ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ իր բոլոր հարեւաններուն ու ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին համար:
Հայ պատմաբանները նկատած են` միայն այդ յանցագործութեան յստակ իրաւական` ցեղասպանութիւն անուանումը տալու միջոցով կարելի է յաղթահարել նաեւ ներկայիս միջազգային հանրութեան որոշ անպատասխանատու ներկայացուցիչներու կողմէն Ռ. Էրտողանի ցեղասպանական նկրտումները անտեսելու եւ անգամ` խրախուսելու Միւնխենեան գործելակերպը: Մնացած բոլոր լուծումները յանցագործի ու զոհի առերեսման եւ իրական հաշտեցման փոխարէն` պիտի շարունակեն ծառայել ճշմարտութեան ու արդարութեան օրինական քօղարկման միջոցով հետեւողականօրէն արեւելեան Հիթլերի դերակատարութեան մէջ մտնող Ռ. Էրտողանի վտանգաւոր յաւակնութիւններու հետագայ ծաւալման ու ընդարձակման: