Նիկոսիոյ ԱՄՆ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իւտիթ Գարբըր դատապարտած է թուրքերու վերահսկողութեան տակ անցած Կիրենիոյ հայկական պատմական Մակարավանքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը: Դեսպանը այդ մասին գրառում կատարած է Twitter-ի իր էջին:
«ԱՄՆ դեսպանատունը խստիւ կը դատապարտէ Սուրբ Մակարի հայկական վանքի չարարկումը (վատ նպատակով օգտագործումը): Կրօնական ազատութիւնը հիմնարար արժէք է, եւ կը կըրկնենք կրօնական առաջնորդներու կոչը, որ բոլոր պաշտամունքի վայրերը, որոնք կ’օգտագործուին կամ չեն օգտագործուիր, պաշտպանուած պէտք է  ըլլան չարաշահումներէ եւ պղծումէ», գրած է դեսպանը:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Կիպրոսի Մակարավանքի բակին մէջ թուրք երիտասարդներ առանց թոյլտուութեան խնճոյք կազմակերպած են: