Քանի մը օր եւս, ու Հայոց Մեծ Եղեռնի՝ Ցեղասպանութեան, 106-րդ տարելիցին փուլը բոլորած կ’ըլլանք:
Տեղահանութիւն, ցեղասպանութիւն, հայրենիքի կորուստ, նիւթական թէ հոգեմշակութային անփոխարինելի հարստութեանց փոշիացում, գաղթական դարձած ազգ-ժողովուրդ, գաղթակայաններ… եւ այլն. 106 տարիներէ ի վեր կը սգանք, կ’ոգեկոչենք:
Պարզօրէն կը յիշեմ, որ այս սգատօնը իր 65-րդ տարելիցէն ետք դադրեցաւ սգատօն ըլլալէ ու վերափոխուեցաւ ոգեկոչումի, ապա նաեւ պահանջատիրութեան:
Յեղափոխական երգը կը յիշենք.
– Մենք պէտք է կռուենք եւ ոչ լաց լինենք,
Ազգին կորուստը զէնքով ետ խլենք…։
Վերոյիշեալ երգը մէկ դար ու աւելի առաջ յօրինուած է ու երգուած:
Հայուն յիշողութիւնը կը յուշէ, որ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին հայ ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի կանգնեցուց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողներ. Լիբանան, Մոնթէ-Պելլօ, աւելի ուշ Հայաստան՝ Ծիծեռնակաբերդ, ծննդավայր-բնակավայրս՝ Քեսապ, 1965-ին, իսկ աւելի ուշ զանազան ոստաններ, նոյնիսկ Տէր Զօր-Մարկատէ: Քեսապի մէջ ամէն տարի այս սգատօնին քեսապահայութիւնը յետ ոգեկոչման կը բոլորուի իր կառուցած յուշակոթողին շուրջ՝ իր յարգանքը տալու մեր բիւրաւոր նահատակներուն:
Երբ սկսանք այս թուականը որպէս ոգեկոչում տօնախմբել, այն դարձաւ պահանջատիրութիւն: Հայութեան պատմական, արդար իրաւունքներու վերադարձման ու վերականգնումի պահանջատիրութիւն ու հատուցում:
Իրաւունքներու վերականգնում երբ կ’ըսենք, կը հասկնանք հայ ազգի պատմական ու դարաւոր իրաւունքը՝ հողաշերտը, ուր ապրած է ան դարերէ ի վեր, ուր եւ գոյացած է անոր ազգային իւրայատուկ նկարագիրը… այլ խօսքով հայ ազգութեան բաղադրիչները՝ լեզուն, մշակոյթը, կրօնքը, սովորութիւնները… եւ այլն, պատմական հայրենիքին մէջ ապահովուած է նաեւ անոնց շարունակականութիւնը:
Ապրիլեան Եղեռնէն ու Ա. Աշխարհամարտէն շատ քիչ ետք, մարտիրոսացած հայութիւնը ունեցաւ քաջարի կամքը ինքնապաշտպանութեան, ու կերտեց իր արեամբ մկրտուած յաղթանակը, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսէի, Պաքուի… մէջ, երբ որպէս մէկ բռունցք ծառացաւ իր դարաւոր ոսոխին՝ թուրքին դէմ, ու անոր արիւնոտ ճիրաններէն խլեց ու ազատեց այն փոքր հողատարածքը, որ այսօր կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն, պատմական Հայաստանի հազիւ մէկ տասերորդը, եւ ուր ապաստանած է կոտորակուած հայ ազգին մնացած հազիւ մէկ հինգերորդը:
Այո, այդ օճախին փրկութիւնն ու վերականգնումը իրականացան հայ ազգի զաւակներուն, մանաւանդ անոր երիտասարդութեան թափած քրտինք-արիւնով:
Աւելի ուշ, անցնող դարու կիսուն, Բ. Աշխարհամարտին, ան մատաղեց իր թարմ երիտասարդութեան մեծագոյն մասը, թէկուզ միջազգային մտածածին գաղափարախօսութեան մը խթանով ու պարտադրանքով, ակամայ հեռանալով իր ազգային գաղափարախօսութենէն, տեսլականէն… հայահաւաքէն ու հողահաւաքէն…:
Տարիները թաւալեցան: Վաթսունհինգ ամեակէն ետք սկըսաւ հայութեան զինեալ պահանջատիրութիւնը:
Հայութեան երիտասարդ սերունդը կամքը դրսեւորեց քանդելու լռութեան պատը, որ բարձրացուած էր մեծապետական-բռնատիրական ուժերուն կողմէ:
Այդ բագինին զոհաբերեց իր «ընտրեալները», ինչպէս Լիզպոնի մէջ, անոնք մահուամբ մահը կոխկռտեցին, անմահացան ու հասան այդ պատը փլուզելու:
Սկսաւ այդ սերունդին քաղաքական պայքարը ու բազմաթիւ երկիրներ ընդունեցին հայոց դէմ կիրարկուած, կանխամտածուած Ցեղասպանութիւնը:
Քիչ ետք փլուզուեցան նաեւ Պերլինի ու Խորհրդային Միութեան Բռնատիրական «պատերը»: Ու սկսաւ Արցախեան պահանջատիրութիւնը: Այդ պահանջատիրութիւնը բարձրացաւ գոյապայքարի ու ազատամարտի հիմնաքարերուն վրայ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ազատատենչ ու ազգային վեհ ու սուրբ գաղափարներով տոգորուած երիտասարդներու մարտիրոսացումով եղաւ առաջնատարրը ու դրօշակակիրը այդ գոյապայքարին՝ ապա ազատամարտին: Ան նուիրաբերեց իր լաւագոյնները, որոնց որակական ու թուական համրանքը համեստ ալ չէ:
Բաւական է յիշել քանի մը անուն. Արթուր Մկրտիչեան, Շահէն Մեղրեան, Պետօ Ղեւոնդեան, Կարօտ, Մհեր Ջուլհաճեան, Վիգէն Զաքարեան… ու ընկերներ:
Այս էջերը աւելի քան սեղմ ու համեստ են անոնց մասին գրելու համար: Սակայն կարեւորագոյնն է վերահաստատել, որ Արցախեան ազատամարտին երթը յաղթանակով պսակուեցաւ իր արժանաւոր զաւակներու արեան նուիրաբերումով: Եւ ինչպէս յեղափոխական հայդուկապետ-նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանը իր երկին մէջ կը յիշէ որ հայրենիքի «զոհասեղանին» կը նուիրաբերեն արժանիները, այդպէս ալ Հայութեան եւ ՀՅԴ-ի «Մատաղները» հայրենիքի ազատագրութեան զոհասեղանին եղան անոր «պարարտ խոյերը»…
Արցախ նորազատ հանրապետութեան վերակառուցման կեանքը, ափսոս… խափանուեցաւ 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին սկսած 44-օրեայ պատերազմով, չարաբաստիկ պարտութեամբ վասն իր ապիկար վարչապետի ծրագրած ու իրագործած անձնատուութեան քայլերուն (ու իր խումբին… անշուշտ):
Այսօր, 106-ամեակի այս օրերուն պարզուած է հետեւեալ պատկերը.
– Հայութիւնը պարտութիւն կրած է.
– Թշնամին Արցախի Հանրապետութեան տարածքին 4/5-րդին տիրացած է, ոչ թէ հայոց բանակին անատակութեան պատճառաւ, այլ՝ իշխող վերնախաւին կամայական քայլերուն պատճառով:
– Հայկական արի ու մարտունակ բանակը տուած է 5000-է աւելի նահատակ, ունեցած է աւելի քան 12 հազար վիրաւոր ու անհետ կորածներ: Այսինքն աւելի քան 17 հազար մահ ու սուգի մատնուած ու քայքայման դրան առջեւ հասածներ:
– Հայկական բանակի հոգեմտաւոր մարտունակ հոգեվիճակին ծանր հարուած հասցուած է ոչ թէ թշնամիին կողմէ, այլ իշխող խմբակին (ԴԷ, ՔՊ…) կողմէ, որ ցայսօր կը փորձէ «մեղքը գցել» բանակին վրայ, մինչ անառարկելի է բանակը իր ճակատագրին, անտէր-անտիրական թողնելու քաղաքական խումբին մեղսակցութիւնը:
Բանակը, ցայսօր, իր թիկունքէն հարուածներ կը ստանայ: Այսօր, Փաշինեանի ուղեղի փայլատակումներուն անառարկելի փաստերն են բանակը կազմալուծելու իր սադայէլական յայտարարութիւնները:
– Արցախը կորսնցուցած է ոչ միայն իր հողատարածքին մեծ մասը, այլ անոր ռազմավարական արժէքը, գիւղատնտեսական կարելիութիւնները, հողին ընդերքի հարստութիւնը, ջրային պաշարները… եւ այլն:
– Արցախ հողատարածքին այնքան կրճատումով, թշնամին ստացած է ռազմավարական նոր դիրք, նոր կարողականութիւն, նոր յարձակողապաշտ գաղափարախօսութիւն ու դրուածք…
– Արցախահայութեան ստուար թիւ մը դարձած է գաղթական, անտուն, անհող, անօթեւան, որ ապաստանած է Արցախի ազատ մնացած տարածքներուն կամ Հայաստանի Հանրապետութեան զանազան վայրերուն մէջ:
– Հայրենի հայութեան հոգեվիճակը անկման մէջ է. հարուած հասած է անոր ապահովական ու տնտեսական իրավիճակին, որ առիթ ընծայած է հայրենիքը լքելու մտայնութեան զարգացման, ձգտելով հասնիլ անցնող 30 տարիներուն (կամ աւելի կանուխ) հայրենիքը լքած իր եղբայրներուն ու քոյրերուն:
– Ոչ միայն հայրենի, այլեւ արտերկրի հայութեան քով յառաջացած է բեկուած հոգեվիճակ: Մանաւանդ արտերկրի հայութեան զանազան խաւերը, պատերազմի օրերուն լծուած էին ամէն ճակատներու վրայ պայքարելու՝ ի պաշտպանութիւն հայրենիքներուն, սակայն այսօր յուսահատութեան հասնող հոգեբեկուած իրավիճակ կը պարզեն:
– Վերոյիշեալ պարտութեամբ, յաղթական թշնամին թուրք-ազերի-ահաբեկիչներ համախըմբումի վերածուած է՝ աւելի յանդուգն, յարձակողապաշտ եւ օր ու գիշեր սպառնալիքներ կը տեղացնէ հայութեան ու անոր պետութիւններուն գըլխուն սպառնալով Զանգեզուրին, Սիւնիքին, Սեւանին, նոյնիսկ Երեւանին, մինչ անձնատուր եղած իշխանութիւնը իր «քաջութիւնն ու առնականութիւնը» դարձուցած է իր ընդիմախօսներուն դէմ, զէնքի լծելով ոստիկանական բանակ մը, որուն մարտադաշտը դարձած է մայրաքաղաքը, փոխան թուրք-ազերիին դէմ բացուած ռազմադաշտին:
– Իրենց իշխանութեան աթոռներուն ամուր կառչած այս իշխանութիւնը, փոխանակ տուն երթալու, մեկուսացած է ու անվստահելի դարձած է ոչ միայն յաչս հայութեան, այլեւ միջազգային քաղաքական աշխարհին:
– Այս իշխանութիւնները տիւ ու գիշեր փորձ կը կատարեն հայրենի ժողովուրդը դարձնելու «որձեւէգ» մասայի մը, զայն դատարկելով ազգային թէ բարոյական իր բնածին՝ պաշտպանութեան բնազդէն ու գիտակցութենէն: Անոնք կը փորձեն երիտասարդ սերունդներուն մտքերն ու հոգիները սնուցանել մեղկ ու հեշտանքի անասնական բնազդներով:
Կը խոստովանիմ, որ վերոյիշեալ թւումները հեռու են ամբողջական սերտողութիւն մը ըլլալէ (որքան ալ փորձեմ առարկայական ըլլալ), սակայն շուտափոյթ եւ հպանցիկ ակնարկով թուածներս արդէն սարսափելի իրականութիւններ են, մարտահրաւէրներ կը կարդան գիտակից ամէն հայորդիի: Տակաւին չեմ փորձեր խորանալ, շրջանային թէ համաշխարհային քաղաքական, ռազմատնտեսական անկիւնադարձային փոփոխութիւններուն մէջ, ուր կը փնտռեմ թէ ո՞ւր կրնայ իյնալ արդէն պարտուած ու նուաստացած ազգս ու հայրենիքներս:
Միայն որպէս նշում, տեսանելի է Չինաստան-Ռուսիա-Պարսկաստան առանցքի մը մակընթացութիւնը, զուգահեռաբար թրքական-թուրանական ծաւալապաշտութեան:
Ես ինծի հարց կու տամ թէ այս անգամ Հայաստան ի՞նչ տեսակ մուրճի ու սալի միջեւ պիտի մնայ:
Անձնատուութեան «ռահվիրայ» Նիկոլը ունի՞ պատասխանը:
Վերոյիշեալ նշումիս պատասխա՞նն է իր վերջերս բարձրացուցած կեղծ խաղաղասիրութեան լոզունգներուն շարքը:
Պարտուած իրավիճակո՞վ, բարեկամական կամ տնտեսական յարաբերութիւններ դրացի ոսոխներուն հե՞տ, որոնք տարիներէ ի վեր սպառնալիքներ կը թափեն մեր վրայ:
Հայոց Ցեղասպանութեան, Մեծ Եղեռնի 106-ամեակի այս փուլին, Քեսապի այս հեռաւոր անկիւնէն իսկ յստակօրէն կը տեսնենք որ դամոկլեան սուրեր կախուած են հայութեան գլխուն:
Հայկական, դասական թէ նորաստեղծ քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ ազգային-կրօնական մեր կառոյցները նոր մարտահրաւէրներու դիմաց են այսօր: Սակայն կարեւորագոյն մարտահրաւէրն է պատրաստել նոր սերունդները դիմագրաւելու սպասուած նոր դաւերն ու ծուղակները:
Նոր սերունդներուն ծանր ու դժուար կտակ ձգուած է այսօր: Այդպէս էր եւ անցեալին, հաւանաբար դարեր շարունակ: Անոնք յաջողած են յաղթահարել այդ մարտահրաւէրները յաճախ: Ուստի պարտաւոր են յառաջիկային եւս յաղթահարել: Այլ ընտրանք չունինք 106-ամեակի այս փուլին:
Տատասկոտ, դժուար ճանապարհ մըն է այս, սակայն ոչ՝ անկարելի ու անհնար:
Քեսապ, 20 Ապրիլ 2021
Կարօ Վ. Մանճիկեան