Ցե­ղաս­պա­նին ան­մարդ­կա­յին արարք­նե­րուն հա­մար յա­ճախ կը գոր­ծած­ուին որոշ եզ­րեր կամ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, որոնք ցոյց կու տան խա­ւա­րա­սէր թուր­քին յան­ցա­գոր­ծու­թիւնը հա­յու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան դէմ: Ոճիր­նե­րը պա­տա­հա­կան չեն կր­նար ըլ­լալ: Մա­նա­ւանդ  երբ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի ժո­ղո­վուր­դի մը: Ցե­ղաս­պա­նը կազ­մա­կերպ­ուած ձե­ւով ի գործ դրաւ իր թշ­նա­մա­կան ծրա­գի­րը՝ հա­ւա­քա­կան տե­ղա­հա­նու­թիւն, ինչ­քե­րու յափըշ­տա­կում, բռ­նի աք­սոր, անխ­նայ հարս­տա­հա­րում, սպա­նու­թեան մի­ջոց­նե­րու որ­դեգ­րում, կո­ղո­պուտ, եկե­ղե­ցա­պատ­կան եւ ազ­գա­պատ­կան ար­ժէք­նե­րու ոտ­նա­կո­խում…: Այս բո­լո­րը կա­րե­լի է բնո­րո­շել Սր­բապղ­ծու­թիւն բա­ռով: Սր­բապղ­ծող մար­դը աստ­ուա­ծա­մերժ է: Չա­րա­միտ խոր­հուրդ­նե­րու եւ նեն­գու­թիւն­նե­րու հա­կում ու­նե­ցող է: Սխալ­ներ կան, որոնք մարդ­կա­յին թե­րու­թեան կամ ան­կա­տա­րու­թեան բնա­կան հե­տե­ւանք­ներ են: Սո­վո­րա­բար նմա­նօ­րի­նակ սխալ­նե­րուն դր­դա­պատ­ճառ­ներն են մո­ռա­ցու­թիւնը, անու­շադ­րու­թիւնը կամ ան­գի­տու­թիւնը: Իսկ նա­խած­րագր­ուած նենգ հա­շիւ­նե­րու հի­մամբ գոր­ծի լծ­ուի­լը ինք­նին դա­ւա­դիր ըլ­լա­լու իրո­ղու­թիւնը կը բա­ցա­յայ­տէ: Այդ­պէս է ցե­ղաս­պան թուր­քին պա­րա­գան: Ան սր­բապղ­ծու­թեան գար­շե­լի ըն­թաց­քով եւ կա­տա­ղի բռ­նա­րարք­նե­րով ողջ հա­յու­թեան ապ­րե­լու իրա­ւուն­քը խլեց: «Սր­բապղ­ծող»  բա­ռին հո­մա­նի­շը եղաւ թուր­քը: Ան մեր կրօ­նա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն, հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն եւ մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րուն ան­պատ­կառ մօ­տե­ցու­մով եւ մա­հա­ցու հար­ուած­նե­րով փոր­ձեց հա­յա­բոյր սր­բու­թիւն­նե­րը բնաջն­ջել պատ­մու­թեան էջե­րէն եւ մեր հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թե­նէն:
Յա­ճախ կը կարծ­ուի թէ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար հարկ է պա­տե­րազմ­նե­րը դադ­րեց­նել եւ հաշ­տու­թեան մի­ջոց­ներ որո­նել: Սա­կայն հաշ­տա­րար մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւն կ’ու­նե­նան, երբ հա­կա­ռա­կոր­դը անց­եա­լի սխալ­նե­րը ըն­դու­նի եւ հա­տուց­ման գա­ղա­փա­րով հա­մոզ­ուի: Իր անց­եա­լով հաշ­տուո­ղը կր­նայ ար­ժա­նա­ւոր ներ­կայ ապ­րիլ: Հո­գե­կան բար­դոյ­թէ տա­ռա­պող է անց­եա­լի բի­ծե­րը որ­պէս բա­ցա­ռիկ ձեռք­բե­րում­ներ ներ­կա­յաց­նո­ղը: Ամ­բա­րիշ­տը ար­դա­րաց­նե­լու որե­ւէ ճիգ խռո­վու­թիւն սեր­մա­նե­լու ցու­ցա­նիշ է: Ար­դա­րու­թեան սերտ­ուած չա­փա­նիշ ու­նե­նա­լը չի բա­ւեր, կա­րե­ւո­րը անց­եա­լի «հաշ­ուե­փակ»ը կա­տա­րելն է՝ առողջ դա­տո­ղու­թեամբ, խիղ­ճի արթ­նու­թեամբ եւ բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեամբ: Այ­լա­պէս զուր է երկ­խօ­սու­թիւնը եւ խաբ­կանք է բա­նակ­ցու­թիւնը: Թուր­քը իր ներ­կա­յով կը պար­ծե­նայ, գա­լի­քով ակն­կա­լու­թիւն կ’ու­նե­նայ եւ սեւ անց­եա­լէն փա­խուստ կու տայ: Այս տա­րօ­րի­նակ եւ ան­կա­յուն իրա­վի­ճա­կին մէջ պէտք է յի­շենք, թէ թուր­քին սր­բապղ­ծու­թիւնը բա­րո­յա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու խախ­տում է: Աւե­լի՛ն կռա­պաշ­տու­թեան հա­մա­զօր ամօ­թա­լի արարք է: Պօ­ղոս առաք­եալ կ’ըսէ. «Մէկ բան վս­տահ գիտ­ցէք, թէ ոե­ւէ մէ­կը որ պոռն­կու­թիւն կ’ընէ, պղ­ծա­սէր է կամ ագահ-ինչ որ կռա­պաշ­տու­թիւն է…»:(Եփ 5.5) Ու­րեմն պղ­ծա­սէ­րը «կռա­պաշտ» է, այ­սինքն՝ զԱստ­ուած ու­րա­ցող մը եւ յա­ւի­տե­նա­կան ճշ­մար­տու­թեան դէմ յա­ւի­տե­նա­պէս մե­ղան­չող մը: Ալ ուր մնաց սր­բապղ­ծո­ղը, որուն արար­քը աւե­լի մեծ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն կը հա­մար­ուի: Առա­կաց գիր­քին 6-րդ գլ­խուն մէջ կը հան­դի­պինք մեղք հա­մա­րուող հե­տեւ­եալ բա­ցա­սա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցող­նե­րուն «Ստա­խօս լե­զու», «Ան­մեղ արիւն թա­փող ձեռ­քեր», «Չար խոր­հուրդ հնա­րող սիրտ», «Չա­րու­թիւն ընե­լու հա­մար շուտ վա­զող ոտ­քեր», «Ստու­թիւն խօ­սող անի­րաւ վկայ»: Յիշ­ուած­նե­րուն մա­սին իմաս­տու­նը կ’ըսէ, թէ Տի­րոջ առ­ջեւ ասոնք պիղծ են: Ինչ­քան կը պատ­շա­ճին այս խօս­քե­րը ցե­ղաս­պա­նին, որուն սր­բապղ­ծու­թեան պատ­կե­րը ցայ­տուն կեր­պով կը պարզ­ուի մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ:
«Երա­նի խա­ղա­ղա­րար­նե­րուն» կ’ըսէ մեր Տէ­րը Յի­սուս Քրիս­տոս: Խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար աշ­խա­տող­նե­րը բիւր յար­գան­քի եւ մե­ծա­րան­քի ար­ժա­նի են: Իսկ խռո­վու­թիւն տա­րա­ծող խա­ւա­րա­սէր­նե­րը «վա­յե­րու» ար­ժա­նի են, որով­հե­տեւ մեր­ժո­ղա­կան կեց­ուած­քով եւ խս­տասր­տութ­եամբ պատ­մու­թեան թա­տե­րա­բե­մը կը վե­րա­ծեն արիւ­նա­հե­ղու­թեան մա­հաստ­ուեր ձո­րի: Ինչ­քան ար­դա­րա­դա­տու­թիւն պա­հան­ջող ճի­չեր եւ խիղ­ճի ար­դար պոռթ­կում­ներ լսե­լի են, որոնք հա­յուն ան­մեղ ար­եան կան­չի ար­ձա­գան­գը կը հան­դի­սա­նան: Ինչ­քան սր­տաճմ­լիկ պատ­կեր­ներ եւ անու­րա­նա­լի վկա­յու­թիւն­ներ կան, որոնք ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին մի­ջազ­գա­յին հան­գա­մանք կու տան:
Սր­բապղ­ծու­թիւնն է ահա­ւո­րը եւ սար­սա­փե­լին: Սր­բա­դաս­ուած մեր բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րը՝ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ուխ­տա­պա­հու­թեան եւ հա­ւա­տար­մու­թեան խօ­սուն թարգ­ման­ներն են: Անոնք երկ­նա­հաս եր­թով դար­ձան բնա­կիչ­նե­րը «Վե­րին Երու­սա­ղէմ»ի:  Սե­րունդ­նե­րուն մէջ պի­տի ապ­րին իրենց հա­յա­շունչ պատ­գա­մով եւ ար­եան վկա­յու­թեան խոր­հուր­դով, որ­պէս­զի հա­յը ապ­րի վառ յոյ­սե­րով եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան պայ­քա­րով: Ուս­տի, բազ­մա­չար­չար մեր նա­հա­տակ­նե­րուն կտա­կին տէր կանգ­նե­լու ենք, իբ­րեւ Քրիս­տո­սի ուղի­էն անց­նե­լու կանչ­ուած զի­նուո­րագր­եալ հա­յոր­դի­ներ:
Ցե­ղաս­պա­նին թոռ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն սր­բապղ­ծող իրենց հայ­րե­րուն գոր­ծը, իսկ մենք՝ սր­բա­դաս­ուած նա­հա­տակ­նե­րու սե­րուն­դը, պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր եր­թը, քա­նի ճշ­մար­տու­թիւնը ան­թա­ղե­լի է: Թուր­քը եթէ մի­ա­կա­նի ըլ­լար, գո­նէ որոշ չա­փով պի­տի ճանչ­նար ճշ­մար­տու­թիւնը, սա­կայն մտ­քի կու­րու­թեամբ տա­կա­ւին կը ծած­կէ իր նախ­նի­նե­րուն յան­ցան­քը եւ ոճի­րը, մոռ­նա­լով թէ «Ամ­բա­րիշ­տը ար­դա­րաց­նո­ղը եւ ար­դա­րը ամ­բա­րիշտ հա­նո­ղը՝ եր­կուքն ալ Տի­րոջ առ­ջեւ պիղծ են»: (Առ 17.15)
Խորէն Քհնյ.Պէրթիզլեան