Տասնամեակներ առաջ, Հալէպի մէջ, ցեղասպանութեան համաժողովըրդային հերթական տարենշումները տեղի կ’ունենային Նոր Գիւղ, Յիսուսեաններու Ս.Վարդանանց եկեղեցի-դպրոցի ընդարձակ բակին մէջ: Այդ տարիներուն հանդիսութեան ամբողջ ընթացքին, ներկաները յոտնկայս կը մնային, աթոռներ չկային:
Բակին հիւսիսային կողմը բարձրացած շէնքին ճակատը, ուղղահայեաց կերպով զետեղուած կ’ըլլար գինեգոյն պաստառ մը, որուն վրայ ոսկեգոյն տառերով գրուած կ’ըլլար «Փառք մեր նահատակներուն», իսկ բակի մուտքին կը բաժնուէր բացիկ մը, որուն վրայ տպուած կ’ըլլար անապատներէն հաւաքուած նահատակներու աճիւններով կազմուած բլուրին նկարը, քովը, Ա. Ահարոնեանի նահատակներուն ուղղուած պատգամը՝ «Վրէժ միայն, լոկ վրէժ ենք պահանջում… այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք»:
Հօրս ձեռքը ամուր սեղմած, հանդիսութեան ընթացքին կը դիտէի այդ պատկերը եւ կը կարդայի պաստառին ու բացիկին գրութիւնները, չեմ գիտեր, թէ քանի անգամ: Հանդիսութենէն տուն վերադարձին, նոյն տողերը արդէն անգիր գիտէի, առանց նոյնիսկ ամբողջութեամբ հասկնալու գրուածը, նաեւ չէի գիտեր, թէ ո՞վ էր հեղինակը: Տարիներ ետք, երբ պատանի էի, կարդացի «Ազատութեան Ճանապարհին»ը, ինծի կը թուէր, որ ես արդէն ծանօթ եմ Ա. Ահարոնեանին:
Ոգեկոչական նման ձեռնարկներով ազգին հաւաքական յիշողութիւնը կը խթանուէր եւ ցեղասպանութենէն վերապրած նալէպահայու դիմագիծը կ’ուրուագծուէր:
Որքան կը մօտենայ Ապրիլ 24-ը, այդքան աւելի կը խռովի հոգիս, թերեւս անոր համար, որ ցեղասպանութեան տարենշումը այս տարի կը կատարենք Արցախեան պատերազմին եւ անոր անարգ աւարտին շուքին տակ, որուն հետեւանքով՝ այսօր ազատ ու անկախ Հայաստանը ահաւոր վտանգի տակ է:
Հայ ազգին հարիւր տարուան գոյութեան պայքարը եւ պահանջատիրութեան մաքառումը մսխուեցաւ անխնայ: Դար մը ամբողջ վրէժի եւ հատուցման սպասուած պատեհ ժամը հայրենի հողին վրայ մեզի գտաւ ունայնացած եւ ազգային մեր արժէքներէն պարպուած, այնքան՝ որ թուրքը պարզապէս հակառակորդ, նոյնիսկ հաւանական գործընկեր համարուեցաւ, փոխան թշնամիի:
Ի՞նչ ըսեմ արդեօք բարեկամիս, թուխ Արամազդին, ըսե՞մ արդեօք, որ այսքան չարիք մոռացան «մեր որդիք» հակառակ զգուշացումին, իսկ նախատինք երբեք չզգացին, երբ արեամբ ազատագրուած հայրենիքն ալ վաճառեցին:
Վա՜յ մեզի, հայե՛ր, նահատակներուն նզովքը իջաւ մեր վրայ:
Միջազգային քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւնները եւ ներազգային իրադրութիւնները նկատի ունենալով, համայն հայութեան ներուժի մէկտեղումով պիտի շարունակուի պահանջատիրութեան երթը, ստեղծելով նոր եւ մոլեռանդ հայութիւն: Լոզունք չէ այս, այլ յառաջատեսիլ ազգային գոյերթի ուղեգիծ, որ երաշխիքը պիտի հանդիսանայ ազգային արժեհամակարգով հայ պետականութեան գոյարման, անպարտ բանակի կազմաւորման, որ զրահաւորուած կ’ըլլայ ազգային գաղափարախօսութեամբ ու հայ մտքի ծնունդ գիտական նորարարութիւններով, քաջալանջ Հայկի արիութեամբ արեւի հայրենիքը պահելու խաղաղ ու ծաղկուն:
Այնժամ նահատակներուն նզովքը կը վերանայ հայոց աշխարհէն: Նահատակներու արեամբ ոռոգուած երկիրը հայոց կը դալարի, գարունները այլեւս կակաչ ու ծիլ կը բերեն, փոխան սեւի եւ արեան, հայոց երկրին շէնացած:
Երազ չէ այս, այլ ցեղիս երթն է յաղթական:
Գրիգոր Տունկեան