«Արմէնփրէս».-Սթրասպուրկի մէջ «Հայորդի Երիտասարդաց Միութեան» նախաձեռնութեամբ 24 Ապրիլին` Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին, տեղի պիտի ունենայ խաղաղ երթ` ի յիշատակ 1915-1923 թթ․Հայոց Մեծ Եղեռնին, ինչպէս նաեւ արցախեան վերջին պատերազմին թուրք-ատրպէյճանական նոր յարձակումի զոհերուն:  «Հայորդի Երիտասարդաց Միութեան» հիմնադիր անդամ Համլէթ Յովսէփեան յայտնեց, որ հակառակ համավարակին, այդ օրը պիտի կատարեն  երթը` ցոյց տալու հայերուն միասնութիւնը:

«Համաճարակային բոլոր կանոնները պահպանելով` մենք լուռ երթ պիտի կատարենք»: Արցախեան պատերազմէն վերջ հայերու շրջանը կոտրուած ըլլալու պահ կար: Մենք նպատակ ունինք իրականացնելու  այս նախաձեռնութիւնը` ցոյց տալու մեր համախմբուածութիւնը, միասնութիւնը, որ շատ կարեւոր է», ըսաւ Համլէթ Յովսէփեան: Երթի մասնակիցները պիտի ընթանան դէպի Եւրոխորհուրդի շէնք, ծաղիկներ պիտի զետեղեն հոն տեղադրուած հայկական խաչքարին մօտ:

Սոյն երթը տեղի կ’ունենայ  ամէն տարի, որ սովորաբար  բողոքի երթ կ’ըլլար, այս անգամ լուռ նախաձեռնութիւն նախատեսուած է` խորհրդանշելով հայերու միասնութիւնը` աջակցութիւն յայտնելով Հայաստանին ու Արցախին: Աւանդոյթին համաձայն` երթին կը մասնակցին տեղացի քիւրտեր, ասորիներ, յոյներ, սրպեր, ֆրանսացիներ: Համլէթ Յովսէփեան յայտնեց, որ կ’ակնկալեն Սթրասպուրկի քաղաքապետին մասնակցութիւնը: