«Հորիզոն».-24 Ապրիլին, ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան (ՔԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան կազմակերպութեամբ, եւ Քանատայի Հայ Ուսանողական Միութեանց մասնակցութեամբ, առցանց պահանջագիրի կայք հիմնուեցաւ, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերրեսէն կը պահանջէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։ Պահանջագրին մէջ կը նշուի, որ 2020-ի Նոյեմբերին Արցախի դէմ շղթայազերծուած ատրպէյճանական պատերազմին աւարտէն ի վեր, ատրպէյճանական կողմը կը հրաժարի համագործակցիլ հայկական կողմին հետ՝ ռազմագերիներու հայրենադարձութիւնը իրականացնելու համար: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Հայաստանի ներկայացուցչութեան տուեալներով, Պաքու ապօրինի կերպով կալանքի տակ կը պահէ 240 հայ ռազմագերիներ, որոնցմէ 90 տոկոսը ունին լուսանկարչական և կամ տեսանիւթերով փաստեր, զորս կը հաստատեն, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը գերեւարած են այդ անձերը: Պահանջագիրը կը յիշեցնէ, որ Միջազգային մարդասիրական օրէնքը եւ զինեալ հակամարտութիւններու օրէնքը կը պահանջեն, որ հակամարտութեան կողմերը մարդասիրաբար վերաբերին ռազմագերիներուն հանդէպ եւ կատարեն անհրաժեշտ փոխանակումները: «Ռազմագերիներու նկատմամբ վերաբերմունքի գծով երրորդ պայմանագրութեան» 4-5-13-րդ յօդուածը (1949) յստակօրէն կը սահմանէ, թէ ով կը նկատուի ռազմագերի եւ նոյն պայմանագրով պաշտպանութեան ենթակայ են բոլոր այն ռազմագերիները, որոնք անմարդկային վերաբերմունքի կ՚ենթարկուին ռազմական գործողութիւններէն ետք։ Ատրպէյճանը խախտած է այս պայմանագիրը՝ հրաժարելով բացայայտել հայ ռազմագերիներու ճշգրիտ թիւը եւ մերժելով Կարմիր խաչի միջնորդութիւնը: Պահանջագիրը կը շեշտէ, որ ապօրինի ձերբակալուած հայ զինուորներու ազատ արձակումը ապահովելու եւ իրենց ողբերգութեան առնչութեամբ միջազգային իրազեկութիւնը ապահովելու համար, նպատակադրուած է, որ պահանջագիր- միջնորդագիրը ունենայ 50,000 ստորագրութիւն՝ 24 օրուան ընթացքին: Ստորագրահաւաքին մասնակցիլ այս յղումով