Շաբաթ, 24 Ապրիլին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, սուրբ նահատակներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախարարներ եւ կառավարութեան այլ անդամներ: Անոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ եւ ծաղիկներ` Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: Յուշահամալիր այցելեցին նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, օտար դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր բազմահազար հայորդիներ, սփիւռքահայեր, օտարներ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին անգամ մը եւս յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի այցելուներուն կարգին էին արցախեան վերջին պատերազմին վիրաւորուած զինուորներն ու անոնց հարազատները: