«Երկիր».-Ֆրանսայի Վալ Տուազ բաժինի պատգամաւոր, նախկին սոցիալիսթ Ֆրանսուայ Փուփոնին երկրի խորհրդարան ներկայացուցած է նոր բանաձեւ, ուր կոչ ուղղած է Ֆրանսային` Ատրպէյճանէն պահանջելով ռազմական գործողութիւններէն վերջ ռազմագերիները եւ խաղաղ բնակիչները վերադարձնել: Այս մասին ֆրանսացի պատգամաւորը գրած է իր դիմատետրի էջին վրայ` հրապարակելով բանաձեւի նախագիծը: «Ես առաջարկ տուի ընդունիլ բանաձեւ հայ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելու առնչութեամբ: Արցախի մէջ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութենէն վերջ շատ հայ զինուորներ տակաւին կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ եւ կը սպասեն հայրենադարձութեան: Ատրպէյճանի այս արարքը լիովին կը հակասէ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը եւ Ժնեւի համաձայնութեան: Ֆրանսան պէտք է կոչ ուղղէ Ատրպէյճանին` ազատելու անոնց, եւ այս է իմ բանաձեւիս իմաստը: Ես կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն խորհրդարանականներուն, որոնք համաձայնած են ստորագրելու», գրած է Փուփոնի: