Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի ան­ցու­դար­ձե­րը, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նին ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րուն թա­փան­ցու­մը սո­վո­րա­կան սան­ձար­ձա­կու­թեան սահ­ման­նե­րը անց­նե­լով, տա­րա­ծաշր­ջա­նի ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման հա­մար  հե­տա­գայ լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին կը յու­շեն:
Նոյն հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մա­սին կը խօ­սի ռու­սա­կան հե­ռա­հար զի­նա­տե­սակ­նե­րու տե­ղադ­րու­մը Ար­ցա­խի մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նին:
Միւս կող­մէ Իրա­նի աւե­լի յս­տակ ու վճ­ռա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ի նպաստ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման եւ օտար ու­ժե­րու եր­կու եր­կիր­նե­րու սահ­մա­նին վրայ տե­ղադր­ման բա­ցառ­ման՝ նշա­ձո­ղե­րը նոյն են­թադ­րու­թեան կողմ կը թե­քեն:
Արեւմտ­եան եր­կիր­ներ Ատր­պէյ­ճա­նէն ուղ­ղակի­օ­րէն կը պա­հան­ջեն դուրս բե­րել իր ու­ժե­րը Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րէն, այ­լա­պէս հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ արեւմտ­եան ու­ժե­րու կու­տա­կում մը կր­նայ նա­խա­տես­ուիլ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան իսկ պատր­ուա­կով:
Ատր­պէյ­ճա­նը հրահ­րող հիմ­նա­կան ու­ժե­րը կր­նան ըլ­լալ Թուրք­ի­ան եւ Իս­րա­յէ­լը: Թուրք­իոյ այդ տա­րածք­նե­րու մեր­ձա­ւո­րու­թեան ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մի օրե­րուն ահա­բե­կիչ­ներ կու­տա­կե­լու ճի­գե­րը այս օրե­րուն նա­խա­պատ­րաս­տում­ներն էին ան­կաս­կած: Աւե­լին. Թուրք­ի­ան Ատր­պէյ­ճա­նի  եւ Նա­խի­ջե­ւա­նի մի­ջեւ ուղ­ղա­կի ճամ­բայ բա­նա­լով, հե­տա­գա­յին, Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քով բնա­կա­նա­բար պի­տի փոր­ձէ հաս­նիլ հիւ­սի­սա­յին­ Կով­կա­սի թր­քա­կան եր­կիր­ներ եւ իրա­կա­նաց­նել փան­թուր­քա­կան իր երա­զը՝ ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին ընդ­լայ­նե­լով ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ տա­րա­ծաշըր­ջա­նի տար­բեր եր­կիր­նե­րու, յատ­կա­պէս Ռուս­իոյ վրայ:
Իս­րա­յէլ եւս Ատր­պէյ­ճա­նի ան­մի­ջա­կան օժան­դա­կու­թեամբ կր­նայ Իրա­նի սահ­մա­նին վրայ անուղ­ղա­կի վե­րահս­կո­ղու­թիւն հաս­տա­տել, եթէ Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձար­ձա­կու­թիւն­նե­րը անն­կատ մնան ու չդա­տա­պարտ­ուին:
Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­յին տա­րածք­նե­րը պաշ­տօ­նա­կան վա­ւե­րագ­րե­րով հաս­տա­տե­լու եւ զա­նոնք պաշտ­պա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կը գտն­ուին հայ­րե­նի մեր եր­կի­րը, պե­տու­թիւնը, որ­պէս­զի այս մի­ջո­ցին Ատր­պէյ­ճան քայլ առ քայլ Հա­յաս­տա­նի տա­րածք թա­փան­ցե­լու կա­րե­լիու­թիւն չու­նե­նայ ու հո­ղեր չպո­կէ ար­դէն իսկ փոքր մեր ած­ուէն:
Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պան­ուա­ծու­թիւնը կը բխի նա­եւ Ռուս­իոյ, Իրա­նի եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ թր­քա­կան գոր­ծօ­նի ազ­դե­ցու­թիւնը զս­պել ջա­նա­ցող ու­ժե­րու շա­հե­րէն:
Այդ շա­հե­րուն հա­մընկ­նու­մին եւ Իրա­նի հետ իր սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մէջ մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կր­նայ ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նը: