Կիրակի, 16 Մայիս 2021-ի միջօրէին, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան Հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Տերիք՝ ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչին եւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան։
Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորեց Հոգեշնորհ հայր սուրբն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որմէ ետք, յետմիջօրէի ժամը 4։00- ին. Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ գաղութի հաւատացեալ ժողովուրդին։
Յընթացս պատարագին տեղի ունեցաւ օծումը ճաճանչներուն եւ խաչին, որոնք նուիրուած էին Թովմաս ընտանիքին կողմէ, իրենց հօր Հաննա Թովմասի յիշատակին։
Երեկոյեան ժամը 6։00- ին տեղի ունեցաւ Մայիս 28- ի Հայաստանի Ա. Անկախութեան նուիրուած տօնակատարութիւն, Հովանաւորութեամբ Բերիիյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, հանդիսապետութեամբ հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ . Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչաց կազմին, ներկայութեամբ ասորի եւ քլտան համայնքներու քահանայ հայրերու։
Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները խմբային երգերով եւ ասմունքներով մեկնաբանեցին Մայիսեան յաղթանակը։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ գնահատեց Տերիքի թաղականութեան եւ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչուհիներու ժրաջան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Անկախութեան կերտման ի խնդիր հայ ժողովուրդի անսակարկ պայքարին ու զոհողութեան, մաղթելով յաղթական երթ Հայաստանին, Արցախին եւ Սուրիական հայրենիքին։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն