Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Փոխադրութեան Նախարարութեան դիմատետրի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յարկէն ներս, Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդային փոխադրութեան զարգացման համաձայնագիր ստորագրուեցաւ։ Համաձայնագիրը սուրիական կողմէն ստորագրեց սուրիական քաղացիական թռիչքներու ընդհ. տնօրէն երկրչփ. Պասէմ Մանսուր, ներկայութեամբ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմի։
Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ երկու երկիրներու քաղաքացիական թռիչքներու տնօրէնութեանց կողմէ։