Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 103-ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի տնօրինումով, Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցան Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Կիրակի, 30 Մայիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ներկայութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս մեծարգոյ տիար Արմէն Սարգիսեանի, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի Հիւպատոսութեան Ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Ճորճ Շահինեանի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան: Եկեղեցւոյ դպրաց դասը, դպրապետ բարշ. Սարգիս սրկ. Սարգիսեանի ղեկավարութեամբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտները հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին եկեղեցի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը բերին Սուրբ Խորան:
Քահանահայրերը Հանրապետական մաղթանքը ընթերցեցին, որմէ ետք այս առիթին նուիրուած հոգեթով աղօթքներ եւ շարականներ հնչեցին, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Խաչով օրհնեց եռագոյն դրօշը: Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ ներկաները պատուեցին հայկական դրօշը:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանգամանօրէն ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, ուր Սրբազան Հօր խնդրանքին ընդառաջելով Նորին Սրբութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասէն՝ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի կը շնորհէ ծաղկեայ փիլոն կրելու պատիւ:

Օրուան պատգամը ներկաներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով հետեւեալ աստուածաշնչական համարը. «Եթէ Որդին ձեզ ազատէ, այն ատեն իրապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յհ 8.36), որուն ընդմէջէն յայտնեց, թէ Քրիստոս երկինքէն իջաւ մարդկութիւնը խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդելու, աստուածային արդարութիւնը հաստատելու եւ իր հրաշափառ յարութեամբ, սիրոյ եւ զոհողութեան ճամբով, մարդկութիւնը ազատագրեց չարէն:
Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան կարեւոր հանգրուաններուն, նշելով, որ 28 Մայիս 1918 թուականը յաղթանակի ցնծալի տօն է մեզի համար, որովհետեւ որպէս ճակատագրական հանգրուան՝ ստրկութենէն դուրս գալով մեր հայրենիքը ազատագրուեցաւ, շնորհիւ մեր քաջարի հերոսներուն հայրենիքին նկատմամբ ունեցած գերագոյն սիրոյն եւ զոհողութեան:
Մասիս Եպիսկոպոս վեր առաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն պայքարունակ ոգին, որ ծնունդ կ’առնէ հայրենի հողին վրայ ազատ ապրելու տենչէն եւ կամքէն:

Սրբազան Հայրը Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովին, Թեմի զաւակներուն եւ իր անունով շնորհաւորական խօսք ուղղեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակին առիթով: Ան շնորհաւորեց քահանայ հայրը՝ ծաղկեայ փիլոն կրելու պատիւին արժանանալուն համար, հաստատելով, որ բոլոր եկեղեցականները, կոչուած են իրենց լաւագոյնը տալու, Սուրբ Խորանին ծառայելու կողքին ի պահանջել յարկին ծառայելու Մեծ Խորանին՝ Հայաստանին եւ Արցախին:
Խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Ամենաբարին Աստուած, հայցելով, որ պահպանէ եւ առաւել զօրացնէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, Արցախը, հայոց բանակը եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդի զաւակները, որոնք անցնող օրերուն իրենց գերագոյն սէրը արտայայտեցին հայրենիքին նկատմամբ:

Պատարագէն ետք Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ-Ապարանի հերոսամարտերու, ինչպէս նաեւ Արցախի մեր նահատակ հերոսներու հոգիներուն համար:

«Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, պատարագիչ քահանայ հայրը եւ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը ազգային երգերու երաժշտութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը նուագեց: