«Թերթ».-Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիտ Պաղճըն այցելած է Արցախեան երկրորդ պատերազմի հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշի քաղաք, որուն մասին պաշտօնեան գրած է իր թուիթըրեան էջին վրայ:

Ան յայտնած է, որ Շուշի  այցելած է Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողանի այցելութեան ընդառաջ:

«Այսօր մենք կը շնչենք ազատ Ղարաբաղի օդը: Մենք կը հաստատենք, որ Շուշան (Շուշի) Ղարաբաղի սիրտն է ու Ատրպէյճանի դափնեպսակը»,գրած է դեսպանը` կից Շուշիի մէջէն առնուած լուսանկարներ հրապարակելով:

Աւելի ուշ Էրտողան յայտարարած էր, որ 15 Յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ:

«15 Յունիսին Ալիեւի հետ մենք կ’ուղեւորուինք «ազատագրուած» (չակերտները` խմբ.) քաղաքներէն մէկը` Շուշա (Շուշի- խմբ․), ուր տեղի կ’ունենան պաշտօնական հանդիպումներ եւ տարբեր նախաձեռնութիւններ», ըսած էր Էրտողան:

Յիշեցնենք` Էրտողան պաշտօնական այցելութեամբ Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուի 14-16 Յունիս:

Այցելութեան ընթացքին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները 16 Յունիսին ներկայ պիտի գտնուին «Եւրօ-2020»-ի առաջնութեամբ Թուրքիոյ եւ Ուելսի ազգային հաւաքականներու ֆութպոլային հանդիպումին: