Կիրակի, 20 Յունիս 2021-ին, «Մայատին» պատկերասփիւռային կայանը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ ընդունեց Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, խորհրդակցելու տնտեսական եւ քաղաքական հարցերու շուրջ։
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին խորհրդարանի անդամներ Ալի Հասան Խալիլ, Հուսէյն Հաճ Հասան, Ապտուլ Ռահիմ Մուրատ, Սալէհ Ղրէյպ, Ասաատ Հարտան, Յակոբ Բագրատունեան, Նասրի Խուրի, լիբանանեան-սուրիական բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղարը, ինչպէս նաեւ փաստաբան Պութրոս Ֆրանճիէ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ լիբանանցի տնտեսագէտ Հասան Մուքալլէտ, Սուրիոյ նախարարներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Քայս Խտըր, Սուրիոյ տնտեսութեան Նախարար Սամէր Խալիլ եւ Լիբանանի մէջ սուրիացի դեսպան Ալի ապտուլ Քարիմ։ Յետ հանդիպումին, երեսփոխան Հարտան «Մայատին»ին յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցած են տնտեսական պատժամիջոցներուն հետեւանքով Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու միջոցներուն շուրջ։ Անոնք որոշում գոյացուցած են յանձնախումբեր կազմելու՝ երկու երկիրներուն միջեւ նախապէս ստորագորուած տնտեսական համաձայնութիւնները ի գործ դնելու համար։ Առեւտրական փոխանակումներուն առնչութեամբ, կողմերը խորհրդակցած են դեղորայքի, սիմենտի եւ ապակիի Սուրիայէն արտածման շուրջ, ինչ որ կը նպաստէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած շէնքերու վերականգնումին։ Անոնք խորհրդակցած են նաեւ սահմաններու բացումին, ազատ փոխանակման տարածքի տուրքի նուազումին եւ սուրիական ու լիբանանեան լիրային աջակցելու դրութիւններուն շուրջ: