Շաբաթ, 19 Յունիս 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Սուրիոյ նախագահութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորագիր առաքեց Իրանի նորտընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով։ Ասատ նորտընտիր նախագահին յաջողութիւն մաղթեց իր աշխատանքին եւ Իրանեան Իսլամական Յեղափոխութեան ուղին շարունակելու իր պարտաւորութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին դէմ հիւսուած դաւերուն դէմ պայքարին մէջ։ Նախագահ Ասատ պատրաստակամութիւն յայտնեց Իրանի հետ գործակցութիւնը շարունակելու, անդրադառնալով երկու երկիրներուն պատմական բարեկամութեան եւ միացեալ շահերուն։