Երեքշաբթի, 22 Յունիս 2021-ին, թրքական ուժերը հրթիռակոծեցին Հալէպի Արուարձանի հիւսիսային Թալ Ռաֆաաթ եւ Այն Տաքնա գիւղերը։ Հրթիռակոծման հետեւանքով բնակարաններ քանդուեցան եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։