Երեքշաբթի, 22 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հաստատեց, որ արեւմուտքի պետութիւնները պատասխանատու են Սուրիոյ ժողովուրդի մարդկային ծանր իրավիճակին համար։ Անդրադառնալով մարդասիրական օժանդակութիւններուն, Լաւրով անհրաժեշտ համարեց Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններ ղրկելու համար արեւմուտքին սուրիական կառավարութեան հետ գործակցիլը, աւելցնելլով որ դժբախտաբար ՄԱԿ-ի անդամները մինչեւ օրս գործնական որոշում չգոյացուցին այս ուղղութեամբ։ Սուրիական կարգ մը շրջաններուն ԱՄՆ-ի կողմէ բռնագրաւման անդրադառնալով, Լաւրով ըսաւ. «ԱՄՆ Սուրիոյ քարիւղային հարստութիւնը կը թալանէ եւ անոր նիւթական եկամուտը սուրիական կառավարութեան դէմ կ՚օգտագործէ» ։